2013-12-01 10:38:03

Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Հռոմի Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրիացիի նուիրուած ժողովրդապետութեան։


Կիրակի 1 դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Յիսնակացի առաջին օրը, ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ''Թոր Սափիէնցա'' կոչուած թաղամասի, Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրիացիի նուիրուած ժողովրդապետութեան, ուր կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ''Թոր Սափիէնցա'' կը ժամանէ ժամը 4-ին ու հանդիպում կ՛ունենայ հիւանդներուն հետ, ապա 2013-ին կնքուած երախաներուն հետ, հուսկ մի քանի հաւատացեալներուն խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ։
Ժամը 6-ին Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին դրոշմի խորհրուրդը կը մատակարարէ 9 անչափահասներուն։ Սրբազան Քահանայապետին հետ կը համապատարագէն Հռոմի թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ակոսդինօ Վալլինին, թեմի օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Ճուզեփփէ Մարչանթէ, եկեղեցւոյ Ժողովրդապետը` Հայր Մարքօ Րիտոլֆօ ու նախկին ժողովրդապետ Հայր Մարգ Պէնազէ։
Սուրբ արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ ժողովրդապետական հովուական խորհուրդին հետ։ Յայտնենք որ Ս. Կիւրեղ Աղեքսանդրիացիի ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցած էր 29 սեպտեմբեր 2012-ին` անոր առաջին քարի զետեղումէն չորս տարիներ ետք։ Ներկայիս ժողովրդապետութիւնը կը հաշուէ 7 հազար բնակիչ։
Այս այցելութիւնը` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հռոմի ժողովրդապետութեան կատարած երկրորդ այցելութիւնն է, առաջինը տեղի ունեցաւ անցեալ 26 մայիս 2013-ին, Եղիսաբէթ եւ Զաքարիա սուրբերու անուան ժողովրդապետութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.