2013-12-01 12:53:57

''Վերագտնենք Յոյսի Հորիզոնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին։


Կիրակի 1 դեկտեմբեր 2013-ին, ըստ լատինաց` Յիսնակաց առաջին կիրակի օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենաեկի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրսոի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Նախքան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ ըսաւ`
''Այսօր կը սկսինք, յիսնակաց շրջանի առաջին կիրակին, ծիսական նոր տարի մը , այսինքն Աստուծոյ ժողովուրդին համար նոր ուղեւորութիւն մը, առաջնորդութեամբ Յիսուս Քրիստոսի ՝ մեր Հովիւը որ մեզ կ'առաջնորդէ պատմութեան մէջ, դէպի Աստուծոյ Արքայութեան կատարումը։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ''այս ուղեւորութեամբ կը վերագտնենք գեղեցկութիւնը, թէ ամէնքս ճանապարհորդներ ենք'' ու ապա հարց տուաւ ''դէպի ո՞ւր կը տանի ուղեւորութիւնը''։ Տիեզերական ուխտագնացութիւն մըն է - ըսաւ Ան- որ ունի միասնական կէտնպատակ մը, ուր Հին Կտակարանին մէջ Երուսաղէմն էր՝ ուրտեղէն Տէրը յայտնուեցաւ որ Յիսուս Քրիստոսի մէջ գտաւ իր կատարումը։
Նորին Սրբութիւնը ''դէպի ու՞ր'' հարցումի որպէս պատասխան մէջբերեց Եսայի Մարգարէի խօսքերը քաղուած` Եսայի մարգարէի գիրքի երկրորդ գլուխէն (համար 2 - 4)` ''Նա Դատսատան պիտի տեսնի հեթանոսների մէջ եւ պիտի հանդիմանի բազում ժողովուրդներու....ազգ ազգի վրայ սուր չպիտի բարձրացնի եւ նրանք այլեւս չեն սովորելու պատերազմել''։
Այս խօսքերէն մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ''Յիսնակաց այս շրջանը մեզի կը վերադարձնէ Յոյսի հորիզոնը, յոյս մը որ մեզ յուսախափ չի թողուր որովհետեւ հիմնուած է Աստուծոյ Խօսքին վրայ''։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ հայցեց Տիրամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի ընկերանայ այս սպասումի եւ հսկումի պահերուն։

Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը վերյիշեց Սիտայի հիւանդութեան համաշխարհային օրը, մօտիկութիւնը յայտնելով այս հինադութենէն բոլոր տառապողներուն, յատկապէս մանուկներուն ինչպէս նաեւ այն հիւանդապահերուն եւ միսիոնարներուն որ խնամք կը տանին Սիտայի հիւանդներուն։''Թող ամէն հիւանդ կարելիութիւնը ունենայ դարմանուելու - ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող ընտանիքներն ու զանազան վայրերէ ժամանած հաւատացեալները ու ապա բոլորին մաղթեց Յիսնակաց շրջանի բարի սկիզբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.