2013-11-30 09:30:39

Վիլնիուսի մէջ. Նախագահ Սարգսեան Եւրոպական երկիրներէն կ՛ակնկալէ լիարժէք ներգրաւում` Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերացման հարցին մէջ


Երէկ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան ի միջի այլոց իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի հնգամեայ պատմութիւնը կը վկայէ այս ձեւաչափի անհրաժեշտութեան եւ կենսունակութեան մասին: «Անիկա արդիւնաւէտ կերպով կը համալրէ համաեւրոպական համագործակցութեան ճարտարապետութիւնը` կարելիութիւն ընձեռելով եւրոպական ընդհանուր արժէքներու հիման վրայ որակապէս նոր, յաւելեալ սերտ եւ ընդլայնուած յարաբերութիւններ կառուցելու համար: Այդպիսի յարաբերութիւններու ձեւաւորումը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի հոգեւոր-մշակութային եւ պատմաքաղաքական ժառանգութեան կանչն է, մեր հասարակութեան` գիտակցուած պահանջարկը», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:
Նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ «Արեւելեան գործընկերութիւնը կարելիութիւն տուաւ նոր թափ հաղորդելու ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներուն հիման վրայ մեր պետութեան եւ հասարակութեան արդիականացման ուղղուած ջանքերուն: Անիկա խթանեց մեր լայնածաւալ բարեփոխումներու օրակարգը: Իբրեւ չափելի արդիւնք պիտի նշեմ ընդամէնը վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երեք մեծ ընտրական հոլովոյթները, որոնք նոր նշաձող սահմանեցին այս մարզին մէջ` էապէս ամրապնդելով Հայաստանի ընտրական համակարգը»:
«Մեր գլխաւոր նպատակն է Եւրոպական Միութեան հետ ձեւաւորել այնպիսի գործուն կառուցակարգեր, որոնք մէկ կողմէ կ՛արտացոլեն մեր ընկերային-քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու խորքային բնոյթը, միւս կողմէ` համատեղելի են համագործակցութեան այլ ձեւաչափերու հետ: Արեւելեան գործընկերութիւնը պէտք է բնական կամուրջ դառնայ` տարածելով տնտեսական համարկումը Ատլանտեանէն մինչեւ Խաղաղ ովկիանոս: Այս իմաստով մենք յանձնառու ենք հետեւողական ջանքեր գործադրելու աւելի ընդգրկուն, բաժանարար գիծերէ զերծ Եւրոպա կառուցելու ուղղութեամբ», նշեց նախագահ Սարգսեան:
Ան աւելցուց, որ «նոյնինքն այս գիտակցութեամբ մենք կ՛առաջնորդուինք մեր արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ եւ մեր դրացիներուն հետ խնդիրները կը փորձենք լուծել նոյնինքն այդ սկզբունքով` փորձելով Եւրոպայի մէջ յաջողած հաշտեցման փորձը տեղայնացնել նաեւ մեր շրջանին մէջ: Կը կարծեմ, որ եւրոպական արժէքներու հետեւողական որդեգրումը կրնայ օգնել Թուրքիոյ սեփական անցեալին հետ հաշտուելու հարցին մէջ: Այսօր հազարաւոր թուրքեր կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կը կանգնին մեր կողքին` յարգելու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կը կարծեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է կարենան կամք ցուցաբերել եւ հրաժարիլ ժխտողական քաղաքականութենէն: Եւրոպական Միութեան հետ համարկումը իբրեւ եւրոպական երկիր շարունակելու հարցին մէջ Թուրքիոյ առջեւ տակաւին կը շարունակեն ծառացած մնալ Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը բանալու եւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մարտահրաւէրները: Եւրոպական Միութեան անդամ-պետութիւններէն` իբրեւ մեր գործընկերներէն, մենք կ՛ակնկալենք Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի ապօրինի շրջափակման վերացման հարցին մէջ լիարժէք ներգրաւում եւ հետեւողականութիւն»:
Յայտնենք, որ վեհաժողովին ծիրին մէջ հրապարակուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն միացեալ յայտարարութիւն, զոր կու տանք առանձին:







All the contents on this site are copyrighted ©.