2013-11-30 11:14:54

''Մի ըլլաք կեանքի լոկ հանդիսատեսներ այլ դերակատարներ'' - ըսաւ Քահանայապետը համալսարանականներուն, Յիսնակացի ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին։


Շաբաթ 30 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Յիսնակացի նախօրեակին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ս. Պետրոսի մէջ գլխաւորեց երեկոյեան ժամասացութիւնը, ներկայութեամբ Հռոմի համալսարանական ուսանողներուն։
Արարողութիւնը կազմակերուած էր Հռոմի Թեմի Համալսարանական Հովութեան գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, որուն բացումը կատարեց` Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին, գլխաւորելով` համալսարանական ուսանողներու պաշտպան սրբուհի` ''Մարիամ Աթոռ Իմաստութեան'' սրբապատկերին ընդունման պատրաստողական աղօթքը։
Ժամը 17,30-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ ժամասացութեան արարողութիւն որուն աւարտին, Պրազիլցի համալսարանականներ, որ մինչեւ օրս իրենց մօտ պահպանած էին ''Մարիամ Աթոռ Իմաստութեան'' սրբապատկերը, զայն յանձնեցին Ֆրանսացի համալսարանականներու պատուիրակութեան մը։
Այս առթիւ Համալսարանականներուն արտասանած իր Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց զանոնք կեանքի լոկ հանդիսատեսներ չ՛ըլլալու այլ ըլլալու դերակատարներ։Դուք գիտակից էք, սիրելի համալսարանականներ - ըսաւ Քահանայապետը - թէ անկարելի է ապրիլ առանց մարտահրաւէրներուն նայելու եւ առանց զանոնք դիմագրաւելու։ Այն որ չի նայիր մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք չի դիմագրաւեր, կը դադրի ապրելէն։ Հաճեցէք կեանքը չի դիտել պատշգամէն, գացէք այնտեղ ու ներկայ են մարտահրաւէրները, որպէսզի կարենաք յառաջ տանիլ կեանքը, զարգացումը, եւ մարդու արժանապատութեան ի սպաս պայքարը, ապքատութեան դէմ պայքարը, արժէքներու համար պայաքարը եւ ամենօրեայ պայքարները։ Եւ այս մարտահրաւէրները դիմագրաւեցէք ներքին ուժով եւ աւետարանական համաձակութեամբ։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց մէջբերելով երանելի Ֆրասսադիի հետեւեալ խօսքերը ''ապրիլ առանց հաւատքի, առանց պաշտպանելու ժառանգութիւն մը, եւ առանց ճշմարտութեան համար պայքարելու, ապրիլ չի նշանակեր այլ ծուլութեամբ ապրիլ է''։ Ան ապա խօսքը աւարտեց ըսելով` Շնորհակալութիւն, եւ բարի երթ դէպի Բեթղեհեմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.