2013-11-30 10:41:51

Խօսէ' ինծի Հայ Եկեղեցիին մասին


RealAudioMP3 Քրիստոնէութեան Հիմնադրին Անձը բացառիկ քաշողական ուժ մը ունեցաւ դարեր ու դարեր բազմաթիւ ազգերուն վրայ: Բազմամիլիոն ամբոխներ հետեւեցան Անոր քայլելրուն` հրապուրուած Անոր կեանքի սրբութենէն եւ ո՛չ թէ սարսափած անոր սուրէն: Ան իր քարոզած ամենավսեմ վարդապետութեան հետ` մարդոց փոխանցեց իր կեանքին օրինա-կը, մարդկութեան ներկայանալով որպէս Ճանապարհ, Ճշմարտութիւն եւ Կեանք:

Բ) Քրիստոսի քարոզած կրօնին գերազանցութիւնը եւ բարոյական անեղծութիւնը:

Քրիստոսի քարոզած Աստուածը բարձրագոյն կատարելութիւնն ունի: Քրիստոսէ առաջ հրեայ ժողովուրդը, իսկ Քրիստոսէ ետք իսլամ կրօնը միաստուածութիւն որդեգրելով` միակ Աստուծը պաշտեցին: Բայց անոնց մօտ Աստուծոյ մեծութեան ըմբռնումը ամբողջա-կան չեղաւ, այլ մասնակի աճեցաւ: Անոնց մօտ` Աստուած արդար դատաւոր է, բայց հայր չէ: Անոնց մօտ եղբայրսիրութիւնը չի բարձրանար մինչեւ թշնամիին ներելու վարդապետու-թեան: Անոնցմէ ո՛չ մէկը բարձրացուցած է մարդկային արժան ապատուութիւնը այնքան որքան քրիստոնեայ բարոյականը: Քրիստոնէութիւնն է, որ այր ու կնոջ հաւասարութիւնը քարոզեց եւ գերիներու ազատութեան պաշտպան կանգնեցաւ: Քրիստոնեութիւնը կը մնայ այժմէական կրօն, հակառակ իր դարերու ծաւալուն անցեալին:

գ) Քրիստոնէութեան դաւանած վարդապետութիւնը:
Ան իր բարոյական ու ընկերային վսեմութեամբ կը տարբերի աշխարհրի բոլոր կրօններէ նաեւ իր դաւանած խորհուրդներով, որոնք մարդկային հասկացողութենէն գերազանց ճշմարտութիւններ են, զորս մարդկային իմացականութիւնը կամ գիտութիւնը առանձին պիտի չըմբռնէին եթէ Քրիստոս զանոն անձամբ յայտնած չըլլար:

Քրիստոնէութեան երեք գլխաւոր Խորհուրդներն են.
ա) Մարդեղութեան Խորհուրդը:
Մարդեղութեան խորհուրդով` կը դաւանինք, թէ Աստուած մեզի համար մարդացաւ, կուսբար ծնելով Մարիամ Աստուածածինէն: Աստուած մարդոց մէջ 33 տարի ապրեցաւ իբր մարդ, բայց առանց մեղքի: Ան մարդ արարածը իր մեղքերուն լուծէն փրկոլու համար` խաչի վրայ մեռաւ, բայց իր գերեզմանէն աստուածօրէն յարութիւն առաւ:
Դիցաբանութիւնները ամէն տեսակ աստուածութիւնը պատկերացուցած էին, բայց չէին կրցած խորհիլ, թէ Աստուած կրնար մարդանալ ու Արարիչը` արարած դառնալ: Հրէական կրօնը, որ նոյնպէս հասած է ճշմարիտ Աստուծոյ գաղափարին, մերժեց հաւատալ թէ Աստուած մը կը մարդանայ ու մերժեց Յիսուսը: Հրէական կրօնին համար, Քրիստոս կրնար միայն մարգարէ մը նկատուիլ, բայց ո՛չ Աստուած:
Իսկ իսլամ կրօնին համար` Մոհամէտ երբ աշխարհ եկաւ, քրիստոնէութիւնը իրմէ առաջ վեց դարերէ ի վեր նախապէս հռչակած ու դաւանած էր մարդեղութեան խորուրդը: Հակառակ ասոր` Մոհամէտ Աստուծոյ մարդեղութիւնը դուրս դրաւ իսլամական հաւատքէն ուվերադառ-նալով հրէութեան` մերժեց Քրիստոսի Աստուածութիւնը, որովհետեւ ըստ իրեն` կարելի չէր որ Աստուած մը մարդանար, խաչուէր ու մեռնէր: Ան մերժեց նաեւ Յիսուսի յարութիւնը, որովհետեւ գիտէր որ յարութիւն առնող մը միայն Աստուած կրնար ըլլալ: Մոհամէտ Յիսուսը մարգարէ ճանչցաւ, Մովսէսէ բարձր, բայց Մոհամէտէն ցած:

(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.