2013-11-30 11:57:31

Զրոյց Քսան­չորրորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (3)


Հարցում թիւ 78. Ի՞նչու Յիսուս հասկնալի չէ եթէ ոչ որպէս խորհուրդ։
Քանի որ Յիսուս Աստուած է, կարելի չէ զինք հասկնալ եթէ նկատի չառնուի իր աստուածութեան անտեսանելի իրականութիւնը։
Յիսուսի երեւող մասը կը տանի մեզ դէպի իր աներեւոյթ մասը։ Իր կեանքին մէջ` շատ կարեւոր կարգ մը տարրեր կան, զորս միայն որպէս խորհուրդ կրնանք ընդունիլ։ Այսպէս` զոր օրինակ, իր Աստուծոյ Որդի ըլլալը, իր մարդեղութիւնը, իր չարչարանքները եւ իր յարութիւնը։

Հարցում թիւ 79. Արդեօ՞ք Յիսուս ունէր, մեզի նման, հոգի, միտք եւ մարմին։
Այո՛. Յիսուս աշխատեցաւ մարդկային ձեռքերով, մտածեց մարդկային խելքով, գործեց մարդու կամքով, սիրեց մարդու սրտով։ (Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողով, Ուրախութիւն եւ Յոյս, 22,2)։
Շնորհիւ իր ամբողջական մարդկային բնութեան, Յիսուս ունէր մարդկային հոգի մը, որ զարգացաւ հոգեւորապէս։ Այս հոգւոյն մէջ է որ կը գտնուէին իր մարդկային ինքնութիւնը եւ իր ինքնագիտակցութիւնը։ Յիսուս իրազեկ էր իր կապին երկնաւոր Հօր հետ, Սուրբ Հոգւոյն մէջ։ Ան կը թողուր որ Սուրբ Հոգին զինք ուղղէր իր կեանքի բոլոր պարագաներուն մէջ։

Հարցում թիւ 80. Ինչու՞ Մարիամը կոյս կը կոչենք։
Աստուած կամեցաւ որ Յիսուս­Քրիստոս իրական մարդկային մայր մը ունենայ, բայց ինք ըլլայ անոր Հայրը. Ան կ՛ուզէր բացումը ընել նոր սկզբնաւորութեան մը, որ ճանչցուէր որպէս իրմէ յառաջ եկած ուղղակիօրէն եւ ոչ թէ մարդկային ուժերու արդիւնքն ըլլար։
Մարիամի կուսութիւնը դիցաբանական հնացած ըմբռնում մը չէ, այլ հիմնական տուեալ մըն է Յիսուսի կեանքին համար։ Ան (Յիսուս) ծնած է կնոջմէ, սակայն չունի մարդկային հայր։ Յիսուս նորագոյն սկզբնաւորութիւն մըն է աշխարհի մէջ, որ յառաջ եկած է Բարձրեալէն։ Ղուկասի Աւետարանին մէջ` Մարիամ կը հարցնէ հրեշտակին. ՙԻնչպէ՞ս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա, որովհետեւ այր մարդ չեմ ճանչնար՚ (Ղուկաս, 1,34)։ Եւ հրեշտակը կը պատասխանէ. ՙՀոգին Սուրբ պիտի գայ քու վրադ՚ (Ղուկաս, 1,35)։ Թէեւ առաջին դարերէն սկսեալ` Եկեղեցին առարկայ դարձաւ ծաղրանքի, Մարիամի կուսութեան հարցին պատճառաւ, սակայն ան միշտ հաւատաց թէ ան իրական կուսութիւն մըն է եւ ոչ թէ խորհրդանշական։

Հարցում թիւ 81. Բացի Յիսուսէն, Մարիամը ուրիշ զաւակներ ունեցա՞ւ։
Ո՛չ. Ըստ մարմնոյ, Յիսուս Մարիամի միակ զաւակն է։
Այս նիւթին շուրջ արդէն Եկեղեցին նախապէս կը հաստատէր Մարիամի մշտնջենական կուսութիւնը, ինչ որ կը մերժէ գոյութիւնը Յիսուսի բնական եղբայրներու եւ քոյրերու։ Իսկ արամայերէն լեզուով` որ Յիսուսի մայրենի լեզուն էր, միայն մէկ բառ կայ բնորոշելու համար եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ զարմիկներն ու զարմուհիները։ Ուստի երբ Աւետարաններուն մէջ` կը խօսուի Յիսուսի եղբայրներուն ու քոյրերուն մասին (Մարկոս, 3, 31-35 զոր օրինակ), կը հայի անոր մօտ ազգականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.