2013-11-30 11:58:16

Զրոյց երեսուն երկրորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (11)


Հարցում թիւ 108. Ի՞նչ փոխուեցաւ աշխարհի վրայ շնորհիւ յարութեան։
Քանի այլեւս վերջին խօսքը մահուան չէ, ուրախութիւնն ու յոյսը դարձան աշխարհ։ Հիմա որ մահը չունի այլեւս որեւէ իշխանութիւն (Հռոմայեցւոց, 6,9) Յիսուսի վրայ, ան կորսնցուց նաեւ իր իշխանութիւնը մեր վրայ, որ կը պատկանինք Յիսուսի։

Հարցում թիւ 109. Ի՞նչ կը նշանակէ թէ Յիսուս երկինք բարձրացաւ։
Յիսուսի միջոցաւ` մէկը մեզմէ (մարդկութենէն) հասաւ Աստուծոյ մօտ, եւ ասիկա` առ յաւէտ։ Իր Որդւոյն միջոցաւ` Աստուած մարդկայնօրէն մօտ է մեզի` մարդոց։ Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ` Յիսուս կ՛ըսէ նաեւ. Իսկ ես, երբ բարձրանամ երկրէն, զանոնք բոլորը դէպի ինծի պիտի քաշեմ (Յովհաննէս 12,32)։
Նոր Կտակարանին մէջ` Յիսուսի Համբարձումը փակումը կը հանդիսանայ քառասուն օրերու այդ շրջանին, որ յատուկէն շեշտեցին Յարուցեալին մօտիկութիւնը իր աշակերտներուն հետ։ Այս շրջանի վերջաւորութեան, Յիսուս իր լման մարդկուդեամբ կը մտնէ Աստուծոյ փառքին մէջ։ Սուրբ Գիրքը այս դէպքը կ՛արտայայտէ խորհրդանշական պատկերներով` ամպի եւ երկնքի։ Ինչպէս կ՛ըսէ Բենեդիկդոս ԺԶ. Պապը, Մարդը տեղ կը գտնէ Աստուծոյ մէջ։ Յիսուս Քրիստոս այժմ Հօր մօտն է, ուրկէ պիտի գայ օր մը դատելու ողջերն ու մեռեալները։ Յիսուսի Համբարձումը կը նշանակէ թէ այլեւս Յիսուս տեսանելի չէ աշխարհին, թէեւ միշտ ներկայ է հոն։

Հարցում թիւ 110. Ինչու՞ Յիսուս բոլոր աշխարհի Տէրն է։
Յիսուս Քրիստոս Տէրն է աշխարհի եւ Տէրը պատմութեան, որովհետեւ ամէն ինչ ստեղծուած է իրեն համար։ Բոլոր մարդիկը փրկուած են իրմով եւ կ՛առաջնորդուին իր կողմանէ։
Ան մերվրան է եւ միակն է որ մենք կը պաշտենք առջեւը ծունկի գալով. Ան մեր մօտն է, եւ գլուխն է իր Եկեղեցւոյն, որուն միջոցաւ Աստուծոյ Արքայութիւնը կը սկսի այժմէն. Ան մեր առջեւն է, տէրը պատմութեան, թոյլ տալով որ խաւարի իշխանութիւնները վերջնականապէս պարտուին եւ աշխարհի ընթացքը կատարուի Աստուծոյ ծրագրին համեմատ. Ան կու գայ մեզի ընդառաջ` մեծվայելչութեամբ, այն օրը զոր չենք գիտեր, աշխարհն առաջնորդելու համար իր վերանորոգումին եւ կատարելութեան։ Կրնանք իր մօտիկութիւնն զգալ նախ եւ առաջ Աստուծոյ Խօսքին մէջ, ինչպէս նաեւ խորհուրդներու ընդունելութեան ատեն, աղքատներու խնամքի ժամանակ եւ հոն ուր երկու կամ երեք հոգի միասին կը գտնուին իր անունով (ըստ Մատթէոսի, 18,20)։

Հարցում թիւ 111. Ի՞նչ պիտի պատահի աշխարհիս վերջը։
Աշխարհի վերջը Քրիստոս դարձեալ պիտի գայ բոլոր մարդկութեան առջեւ։
Ողբերգական վերիվայրումները (Ղուկաս, 18,8 . Մատթէոս, 3,14), որոնք ծանուցուած են Սուրբ Գրքի մէջ, այսինքն` չարութիւնը որ պիտի յայտնուի բացայայտ կերպով, փորձանքներն ու հալածանքները, որոնք դարձեալ հաւատքը փորձութեան պիտի ենթարկեն… այս բոլորը կը կազմեն միայն մթին մասը նոր իրականութեան` որ է Աստուծոյ տեսանելի եւ վերջնական յաղթանակը չարին վրայ։ Աստուծոյ մեծվայելչութիւնը, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը պիտի յայտնուին պանծալի կերպով։ Յիսուսի գալուստով` պիտի ըլլայ նոր երկինք մը եւ նոր երկիր մը. Ան պիտի սրբէ ամէն արցունք իրենց աչքերէն, մահ պիտի չըլլայ այլեւս. լաց, ճիչ եւ տառապանք բոլորովին պիտի վերնան, որովհետեւ հին աշխարհը պիտի կորսուի (Յայտնութիւն, 21, 1-4)։

Հարցում թիւ 112. Ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ Վերջին դատաստանը, երբ Քրիստոս պիտի դատէ մեզ եւ բոլոր աշխարհը։
Եթէ մէկը չ՛ուզեր ոչինչ իմանալ սիրոյ մասին, Քրիստոս ինքնին չի կրնար օգնել անոր. Ան արդէն ինքզինք կը դատապարտէ։
Որովհետեւ Յիսուս ճանապարհ է, ճշմարտութիւն եւ կեանք (Յովհաննէս 14,6), պիտի յայտնէ այն ինչ որ կարեւոր է Աստուծոյ համար եւ այն ինչ որ կարեւոր չէ։ Իր իսկ կեանքի չափով է որ պիտի չափուի ճշմարտութիւնը մարդուն մասին, իրերուն, մտածումներուն եւ դէպքերուն մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.