2013-11-30 11:58:12

Զրոյց Երեսուն-մէկերորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (10)


Հարցում թիւ 104. Կարելի՞ է ըլլալ քրիստոնեայ առանց հաւատալու Քրիստոսի յարութեան։
Ո՛չ. Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, մեր քարոզութիւնը պարապ է, ինչպէս նաեւ պարապ է ձեր հաւատքը (Ա. Կորնթացւոց 15,14)։

Հարցում թիւ 105. Ինչպէ՞ս Աշակերտները կրցան հասնիլ Յիսուսի յարութեան հաւատալու։
Աշակերտները` որ ամէն յոյս կորսնցուցած էին, կրցան հասնիլ Քրիստոսի յարութեան հաւատքին որովհետեւ, իր մահուընէ ետք` տեսան զինք ողջ զանազան առիթներով, անոր հետ խօսեցան եւ ունեցան այն փորձառութիւնը թէ ան կենդանի անձ մըն էր։
Զատկի եղելութիւնները որ տեղի ունեցան Երուսաղէմի մէջ, մօտաւորապէս 30 թուականին, հնարուած պատմութիւններ չեն։ Յիսուսի մահուան ցնցումի եւ իրենց հասարակաց շարժումի կործանման հետեւանքով` աշակերտները փախան։ Մենք կը յուսայինք թէ ինքն էր որ պիտի ազատէր Իսրայէլը (Ղուկաս 24,21)։ Եւ կամ իրենք զիրենք արգելափակեցին փակեալ դռներու ետին։ մի միայն հանդիպումը յարուցեալ Քրիստոսի հետ զիրենք ազատեց իրենց երկիւղէն եւ լեցուց խանդավառ հաւատքով մը հանդէպ Յիսուս Քրիստոսի, որ Տէրն է կեանքի եւ մահուան։

Հարցում թիւ 106. Արդեօք կա՞ն փաստեր Յիսուսի յարութեան։
Գիտական տեսակէտէն` չկան փաստեր Քրիստոսի յարութեան։ Կան սակայն շատ ուժեղ վկայութիւններ, անձնական եւ խմբային, Երուսաղէմի այդ դէպքերուն ժամանակակից եղող անձերու։
Ամենահին վկայութիւնը Յիսուսի յարութեան մասին Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած մէկ նամակն է, գրուած Յիսուսի մահուընէ քսան տարիներ ետք. Ձեզի աւանդեցի նախ եւ առաջ` ինչ որ ես ինքս ստացայ, այսինքն թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար, ըստ Սուրբ Գրոց, ան դրուեցաւ գերեզմանի մէջ, յարութիւն առաւ երրորդ օրը, Սուրբ Գրոց համաձայն, ան երեւցաւ Կեփասին, ապա Տասներկուքին։ Ի վերջոյ երեւցաւ հինգ հարիւր հոգիէ աւելի եղբայրներու միանգամայն, որոնցմէ շատեր տակաւին մինչեւ այսօր ողջ են, իսկ ոմանք ալ ննջեցեալ եղան։ (Ա. Կորնթացւոց, 15, 3-6)։ Պօղոս կը խօսի այստեղ կենդանի աւանդութեան մը մասին, զոր գտաւ նախնական քրիստոնէութեան հասարակութեան մէջ, երբ ինք եւս քրիստոնեայ դարձաւ, երկու կամ երեք տարի Քրիստոսի մահուընէն ու յարութենէն ետք, հետեւանք իր վրդովիչ հանդիպումին յարուցեալ Տիրոջ հետ։ Աշակերտները նկատի առին թէ պարապ գերեզմանը առաջին նշանն էր Յարութեան դէպքի իրականութեան (Ղուկաս, 24, 5-6)։ Պատահեցաւ որ կիներ ըլլային որ զայն այդպէս գտան, թէեւ այդ ժամանակի օրէնսդրութեան համաձայն` կիներու վկայութիւնը անընդունելի էր։ Հակառակ որ կ՛ըսուի Յովհաննէս առաքեալի մասին` որ ան երբ հասաւ պարապ գերեզմանին առջեւ, տեսաւ եւ հաւատաց (Յովհաննէս, 20,8), սակայն հաստատ համոզումը թէ Քրիստոս կենդանի է` յառաջացաւ յետ կարգ մը երեւումներու։ Համբարձումը վերջ դրաւ Յարուցեալին հետ այս հանդիպումներուն։ Եւ սակայն, այդ շրջանէն ի վեր մինչեւ այսօր, կը շարունակուին հանդիպումները կենդանի Տիրոջ հետ. Յիսուս Քրիստոս կ՛ապրի։

Հարցում թիւ 107. Իր յարութենէն վերջ` արդեօ՞ք Յիսուս վերադարձաւ իր ֆիզիքական նախնական վիճակին, զոր ունէր երկրաւոր իր կեանքի ընթացքին։
Յարուցեալ Քրիստոսը թոյլ տուաւ որ իր աշակերտները իրեն դպչին, անոնց հետ միասին ճաշեց եւ իրենց ցոյց տուաւ իր չարչարանքի վէրքերը։ Սակայն իր մարմինը այլեւս չէր պատկանէր երկրաւոր աշխարհին, այլ երկնաւոր Հօր շրջանակին։
Յարուցեալ Քրիստոսը, որ կը կրէ խաչեալի վէրքերը, այլեւս չի պարփակուիր տարածքի եւ ժամանակի մէջ։ Ան կրնայ մուտք գործել փակեալ դռներով սենեակի մը մէջ, կրնայ երեւիլ իր աշակերտներուն այլեւայլ տեղեր եւ երեւոյթի մը տակ որ անոնց թոյլ չի տար անմիջապէս զինք ճանչնալու։ Քրիստոսի յարութիւնը չեղաւ ուրեմն վերադարձ մը դէպի երկրաւոր բնական կեանքը, այլ` անցք մը դէպի ուրիշ կեանք մը. Միանգամ ընդ միշտ որ Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելմերէն` այլեւս ան չի կրնար մեռնիլ, մահը իր վրայ որեւէ իշխանութիւն չունի այլեւս (Հռոմայեցւոց, 6,9)։







All the contents on this site are copyrighted ©.