2013-11-30 11:25:55

Ապահովութեան Խորհուրդը Բուռն Կերպով Կը Դատապարտէ Դամասկոսի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատան Ռմբակոծումը


ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը բուռն կերպով դատապարտեց Դամասկոսի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան ռմբակոծումը, զոր «ահաբեկչական արարք» որակեց:
Ապահովութեան խորհուրդը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերուն դէմ պայքարիլ բոլոր միջոցներով, որոնք համահունչ են ՄԱԿ-ի ուխտին եւ միջազգային օրէնքին, մասնաւորաբար մարդկային իրաւանց, գաղթականներու օրէնքին եւ մարդկային օրէնքին»:
Խորհուրդը նշեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդի անդամները բուռն կերպով կը դատապարտեն ռմբակոծումը, որ պատճառեց զոհ մը եւ 9 վիրաւորներ, ներառեալ` դեսպանատան պահակագունդի անդամներ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.