2013-11-30 11:32:46

ԱՄՆ-ն Կէս տարիով երկարացուցած է Իրանական քարիւղի գնման համար պատժամիջոցներու մեղմացումը


ԱՄՆ-ն կէս տարիով երկարացուցած է իրանական քարիւղի գնման համար պատժամիջոցներու մեղմացումը: Չինաստանը, Հնդկաստանն ու Քորէայի Հանրապետութիւնը այլեւս չեն ենթարկուիր ամերիկեան պատժամիջոցներու Իրանի հետ առեւտրային յարաբերութիւններուն համար` անոնց կողմէ իրանական հում քարիւղի գնման զգալի կրճատման դիմաց: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը:
ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մասին օրէնքին ծիրէն ներս պէտք է որոշէ, թէ արդեօք իրանական քարիւղի սպառողները կրճատա՞ծ են գնումները: Պատժամիջոցներու գործողութիւնը ժամանակաւորապէս դադրեցնելու մասին որոշումը ընդունուեցաւ անմիջապէս, երբ ԱՄՆ-ն եւ հինգ այլ տէրութիւններ Ժընեւի մէջ համաձայնութեան եկան Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մեղմացման համար` Թեհրանի կողմէ միջուկային ծրագիրի մասնակի կասեցման դիմաց:
“Մենք կը շարունակենք պատժամիջոցներու կիրառումը յաջորդ վեց ամիսներուն, մինչեւ որ համոզուինք, որ Իրանի միջուկային ծրագիրը կ’իրականացուի բացառապէս խաղաղ նպատակով”,- կը նշուի ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերիի պաշտօնական յայտարարութեան մէջ:
Մինչդեռ Իրանի Աթոմային ուժանիւթի կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Պեհրուզ Քամալուանտին յայտնած է, որ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը փորձագէտներ գործուղած է Արակի ծանր ջուրի գործարան, եւ նպատակը տեսչական այցը չէր:
Քամալուանտին յայտնած է, որ Մագատէ-ի ղեկավար Իւգիա Ամանոյի Թեհրան այցէն ետք իրանական կողմը դրական պատասխանած է Մագատէ-ի հարցումին:







All the contents on this site are copyrighted ©.