2013-11-29 10:10:46

«Սուրիոյ մէջ զինադադար պիտի չհաստատուի» ըսաւ Իպրահիմի


Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադար պիտի չհաստատուի:
Ան Սուրիոյ տագնապի երկու կողմերուն կոչ ուղղեց իրենց միջեւ վստահութիւն հաստատելու համար բռնարարքներու մակարդակը նուազեցնելու, բանտարկեալները ազատ արձակելու եւ կարօտեալներուն օժանդակութիւն հասցնել:
Իպրահիմի յոյս յայտնեց, որ բոլորը ներկայացուած ըլլան «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին` նշելով, որ երկու կողմերը վստահեցուցած են, որ Սուրիոյ տագնապը զինուորական լուծում չունի:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց «Ժընեւ-2»-ին առանց նախապայմաններու մասնակցելու Դամասկոսի որոշումը:
Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց, որ Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատի հետ քննարկած է 22 յունուարին նախատեսուած «Ժընեւ-2»-ի պատրաստութեան աշխատանքները:
Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Ահմետ Օզոմճօ յայտնեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը փոխադրելու գործողութիւնը գետնի վրայ ապահովական կացութեան պատճառով շարունակ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ: Ան ըսաւ, որ «առնչակից երկիրները, մանաւանդ անոնք, որոնք կարողութիւնը ունին այդ քիմիական նիւթէն ապահով կերպով ձերբազատելու, կրնան եւ պէտք է իրենց դերակատարութիւնը կատարեն»:







All the contents on this site are copyrighted ©.