2013-11-29 10:12:12

«Ընտանիքի հովուական մարտարհաւէրները Նոր Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս»


RealAudioMP3 «Ընտանիքի հովուական մարտարհաւէրները Նոր Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս» պատրաստեց Գայր Գրիհոր վրդ Պատիշահ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թելադրանքով, յառաջիկայ 2014-ի` 5 - 19 հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ պիտի գումարուի ''Ընտանիքի հովուական մարտհաւէրները Նոր Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' նիւթով, եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոս մը: Առ այդ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Կարտինալ Բիդէր Էրտոն, Հունգարիոյ Պուտաբեշտի արքեպիսկոպոսը անուանած է վերոյիշեալ սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող, իսկ գերապայծառ Պալտիսսէրի` եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար անուանուած է:
2014-ի փետրուարին, նախատեսուած է սիւնհոդոսի քարտուղարութեան նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին աշխարհի բոլոր ժողովրդապետութիւններուն եւ թեմերուն ուղարկուած նախապատրաստական հարացարանի պատասխանները, որոնց հիման վրայ պիտի շարադրուի ''աշխատանգային թղթածրարը «Instrumentum laboris», որ ապա պիտի ուղարկուի սիւնհոդոսի անդամ եպիսկոպոսներուն, պատշաճ կերպով պատրաստուելու համար, 2014-ի եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին: Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի պատրատողական թղթածրարը, բաժնուած է երեք մեծ գլուխներու կամ հատուածներու: Առաջին գլուխը նախաբան մըն է, որուն մէջ կ՛ընդգծուի սիւնհոդոսի նիւթը «ընտանիք եւ աւետարանացում»: Երկրոդ գլուխը շեշտը կը դնէ Եկեղեցւոյ եւ ընտանիքի աւետարանին, Արարիչ եւ Փրկիչ Աստուծոյ ծրագիրին ու ապա Եկեղեցւոյ` ընտանիքի մասին վարդապետութեան, մինչ երրորդ գլուխը կը պարունակէ 9 նիւթերէ կազմուած հարցարան մը, որուն պատասխաններու հիման վրայ, պիտի ծրագրուին յառաջիկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հրատապ նիւթերն ու աշխատանքները:
Գիտակցելով այս անժխտելի ճշմարտութեան, թէ մարդկային ընկերութեան եւ Սուրբ Եկեղեցիին կենսունակութիւնը, գոյատեւումն անգամ կախում ունի ամուսնութեան եւ ընտանիքի առողջ վիճակէն, Ռատիովատիկանի հայկական ձայնասփիւռը 2014 տարւոյն ընթացքին իր ներդրումը պիտի ունենայ ընտանիքի եւ ամուսնութեան վերաբերեալ շաբաթական հաղորդաշարով մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ` շեշտել ընտանեկան եւ ամուսնութեան կեանքի գերազանց արժէքներն ու ամփոխարինելի դերը, մանաւանդ դաստիարակութեան գործունէութեան մէջ:
Իրապէս` կեանքի եւ սիրոյ միութիւնը մարդու եւ կնոջ միջեւ` առաջին եւ կենսական բջիջն է ընկերութեան, հետեւաբար նաեւ ապահով գրաւականը մարդկային եւ հովուական բարօրութեան: Այս կեանքի եւ սիրոյ միութեան էական նպատակն է, ինչպէս կը տեսնենք Ծննդոց Գիրքին առաջին էջերուն մէջ, եւ հետագային ալ մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք սոյն ճշմարտութեան, որդեծնութիւնը եւ զաւակներու ֆիզիքական, մտային, հոգեւական եւ հոգւոր դաստիարակութիւնը:
Ընտանիքը սակայն, որպէս «ընկերութեան բջիջ», «սրբավայր կեանքի» եւ «տնական եկեղեցի» ինչպէս զայն կ՛որակէ Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովը, կը վտանգուի յատկապէս ամուսնալուծոմով, ազատ սէրերով եւ այլ զեղծումներով: Սակայն հակառակ այս ցաւալի եւ մտահոգիչ երեւոյթներուն, ընտանեկան կառոյցը ահաւասիկ դարերէ ի վեր կանգուն կը մնայ եւ պիտի մնայ, որովհետեւ այդ է Աստուծոյ կամքը, յայտնուած` ստեղղագործութեան ընդմէջէն եւ վերահաստատուած Քրիստոսի կողմէ:
Ընտանիքը Աստուծոյ հրաշալի պարգեւն է մարդկութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.