2013-11-28 11:08:18

Լեհաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ռուս Օրթոտոքս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ միասնական դասախօսութիւնը Վարշավիայի մէջ։


Նոյեմբեր 28-էն 30, Լեհաստանի` Վարշավիա քաղաքին մէջ, տեղի կ'ունենայ ''Քրիստոնէութեան ապագան Եւրոպայի մէջ, Լեհաստանի եւ Ռուսիոյ զոյգ եկեղեցիներուն եւ ազգերուն դերը '' խորագրով դասախօսութիւն մը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ Պատրիարքութեան պատուիրակութիւն մը, Լեհաստանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ Լեհաստանի ուղղափառ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները, եւ զոյգ երկիրներու՝ մշակութային ու քաղաքական աշխարհէն՝ ներկայացուցիչներ։
Յիշենք թէ, անցեալ 17 Օգոստոս 2012 ին, Վարշավիայի մէջ , Արքեպիկոպոս՝ Ժոզէֆ Միքալիք եւ Ռուսիոյ Կիւրեղ Պատրիարքը ստորագրած են միասնական պատգամ մը ուղղած Լեհաստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներուն ։
Վերոյիշեալ դասախօսութիւնը յաւելեալ քայլ մը կը հանդիսանայ ի նպաստ միութեան՝ Կաթողիկէ եւ Ռուս Օրթոտոքս եկեղեցիներու, Լեհաստանի ժողովուրդներու միջեւ։
Դասախօսութեան նիւթ պիտի ըլլան` Աստուածաբանական հիմերը, երկխօսութեան ու հաշտութեան իմաստը ու կարիքը՝ մշակելու միասնական տեսակէտ մը՝ հանդէպ Լեհաստանի եւ Ռուսիոյ պատմութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհականացած Եւրոպայի մէջ Քրիստոնեաներու վկայութեան, նկատի առնելով Լեհաստանի Կաթողիկէ եւ Ռուսիոյ Օրթոտոքս եկեղեցիներուն դերը։
Դասախօսութեան ընթացքին, Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու կղերական եւ աշխարհական զանազան ներկայացուցիչներ, միասնաբար պիտի անդրադառնան յետագային կատարուելիք համագործակցութեան նիւթերու շուրջ, ինչպէս նաեւ՝ ոչ հաւատացեալներու հետ երկխօսութեան, ժամանակակից մշակութային մարտհրաւէրներու եւ երիտասարդական շարժումներու միջեւ համագործակցութեան։
Դասախօսութեան աւարտին, զոյգ երկիրները եւ եկեղեցիները պիտի ներկայացնեն քաղաքացիական եւ կրօնաւորական ձեռնարկներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.