2013-11-28 10:32:52

Եանուքովիչ Եւրոպական Միութենէն կը խնդրէ չվարկաբեկել «լուրջ Եւրոպական երկիր» Ուքրանիան


«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ պատկերասփիւռի ընկերութիւններուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ իր երկիրը Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրէ միայն այն ատեն, երբ տնտեսապէս ատոր պատրաստ ըլլայ:
«Ճիշդ այն ժամանակ, երբ մենք հասնինք այն մակարդակին, որ մեզի յարմար պիտի ըլլայ եւ պիտի համապատասխանէ մեր շահերուն, երբ պայմանաւորուինք բնական պայմաններով, այդ ժամանակ ալ պիտի խօսինք ստորագրման մասին: Երբ պիտի ըլլայ ատիկա` շուտով, թէ ոչ շուտ, ցոյց կու տայ ժամանակը: Ես կ՛ուզեմ, որ այդ ժամանակը կարելի եղածին չափ շուտ գայ», ըսած է ան:
Եանուքովիչ նշած է, որ Եւրոպական Միութեան կողմէ Ուքրանիոյ յատկացուելիք ելեւմտական օգնութեան պայմանները վարկաբեկիչ կը նկատէ: Եանուքովիչ խօսած է, որ 610 միլիոն եւրոյի ելեւմտական եւ թեքնիք օգնութեան մասին: Ան ըսած է, որ 2010-էն իրենց ցոյց կու տան «գեղեցիկ թուղթով այդ տուրմը» եւ կ՛ըսեն, որ «համաձայնագիր ստորագրենք Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ»:
Եանուքովիչ ըսած է, որ չ՛ուզեր կոպիտ արտայայտուիլ, սակայն խնդրած է չվարկաբեկել իրենց, որովհետեւ Ուքրանիա «լուրջ, եւրոպական երկիր է»:







All the contents on this site are copyrighted ©.