«Պէտք Է «Ժընեւ-2»-ը առանց նախապայմաններու գումարել» ըսաւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շեշտեց, որ Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը
պէտք է առանց նախապայմաններու գումարել` նշելով, որ Մոսկուա կը փափաքէր այդ ժողովը աւելի
կանուխ թուականի մը գումարել եւ պիտի փորձէ մինչեւ 22 յունուար երկարող ժամանակը օգտագործել
տարբեր կողմերու հետ խորհրդակցութեանց համար:Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց,
որ Դամասկոս կ՛ողջունէ «Ժընեւ-2»-ի թուականի ճշդումը եւ ժողովին պիտի մասնակցի պաշտօնական
պատուիրակութեամբ մը: