2013-11-27 12:40:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը, սովորութեան համաձայն, հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։

Շարունակելով Հաւատամքի մասին խորհրդածութիւնները, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց ''Հաւատամք ի Յարութիւն մեռելոց - Մեռնիլ Քրիստոսի մէջ'' հատուածին վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Քահանայապետը - կը փափաքիմ աւարտել` կիրակի օր եզրափակուած Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, ներկայացուցած ''Հաւատամքի'' մասին խորհրդածութիւններս, եւ այսօրուայ ու յառաջիկայ շաբթուայ խորհրդածութիւններու ընթացքին, պիտի անդրադառնամ ''մեռելներու յարութեան'', ակնարկելով երկու երեւոյթներու զոր ներկայացուած են ''Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին մէջ'', մեր մահն ու յարութիւնը Յիսուս Քրոստոսի մէջ, եւ այսօր պիտի կեդրոնանամ առաջին երեւոյթին վրայ` ''մեռնիլ Քրիստոսի մէջ''։
Հաւատքի մէջ կը դաւանինք թէ մեր մահը ''Քրիստոսի մէջ մահ մըն է''։ Երբ ապրինք այնպէս ինչպէս Աստուած գոյութիւն չ՛ունենար, կամ ալ միայն երկրային ինչքերու համար, առանց հաւատալու այս կեանքէն անդին հորիզոնի մը, ուրեմն մահը ամէն բանի վերջ է եւ մեզի համար սպառնալիք։ Սակայն ներքին մէկ զօրաւոր բնազդ մը եւ յաւիտենականութեան ցանկութիւնը, կը բացայայտեն թէ կեանքը մահով չի վերջանար։ Այս կեանքի ծարաւը իր իսկական պատասխանը կը գնտէ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան մէջ` որ կը լուսաւորէ մահուան խորհուրդը։ Ապրիլ` միացած Յիսուսին, հաւատարիմ Անոր կամքին, ուշադիր մեր մերձաւորին` մեզ կը պատրաստէ լաւ մահուան մը։
Այն որ ողորմածութիւն կը կատարէ մահէն չի վախնար, որովհետեւ իր եղբայրակիցներուն վէրքերը կը ճանչնայ եւ զանոնք կը դիմագրաւէ Յիսուս Քրիստոսի սիրով։
Երբ մեր սրտին ու մեր կեանքին դռները բանանք մեր փոքրիկ եղբայրներուն, այն ատեն, նոյնիսկ մահը կը դառնայ դէպի երկինք` աւետեաց երկիր, առաջնորդող պարզ դուռ մը, ուր ուղղուած ենք եւ կը ձտգտինք ապրիլ մեր Հօր, Յիսուսի, Մարիամի եւ բոլոր սուրբերուն հետ։
Խորհրդածութեան աւարտին` Ֆրանչիսկոս Պապը, զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Յառաջիկայ Կիրակի - ըսաւ Քահանայապետը - պիտի սկսինք յիսնակաց շրջանը։ Սիրելի երիտասարդներ` բացէք ձեր սրտերը ընկալելու համար Յիսուս Փրկիչը։ Սիրելի հիւանդներ, ձեր ցաւերը նուիրեցէք որպէսզի ամէնքը Ծնունդի Խորհուրդին մէջ տեսնեն Քրիստոսի հետ հանդիպումը եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ, ապրեցէք ձեր ամուսնական կեանքը որպէս Աստուծոյ սիրոյ արտացոլում, ձեր անձնական պատմութեամ մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.