2013-11-27 10:08:33

Վլատիմիր Փութինի այցելութիւնը երկկողմանի կապերու ամրապնդման առիթ Է


«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան այցելութիւնը պիտի նպաստէ երկկողմ կապերու ամրապնդման եւ բխի երկու ժողովուրդներուն շահերէն»: Այս մասին Գիւմրիի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան:
«Մենք շատ ուրախ ենք, որ Ռուսիոյ նախագահը ոչ միայն Երեւան պիտի այցելէ, այլեւ Գիւմրի: Բարձրաստիճան պաշտօնեաներու այցելութիւնները կը նպաստեն յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման, երկկողմ կապերու ամրապնդման: Այս այցելութիւնը եւս այդպիսին պիտի ըլլայ, եւ ասիկա կը բխի մեր ժողովուրդի շահերէն», յայտնած է Տ. Սարգսեան:
Անդրադառնալով կազմակերպուելիք հայ-ռուսական տնտեսական ֆորումին` Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ անոր պիտի մասնակցին նաեւ Ռուսիոյ տարբեր մարզերու ղեկավարներ, եւ այս տարի եւս պիտի կազմակերպուի միջտարածաշրջանային ֆորում: Այսպիսով, Ռուսիոյ մարզերը կարելիութիւն պիտի ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու Հայաստանի մարզերու կարողութիւններուն եւ այդ հիման վրայ պիտի մշակուին ներդրումային միացեալ ծրագիրներ, պիտի աւելնայ առեւտրաշրջանառութիւնը, պիտի հիմնուին տարբեր ձեռնարկութիւններ: «Այնպէս որ, ասիկա բացառիկ կարելիութիւն է, որ հայկական պիզնըսը իր կարողութիւնները ներկայացնէ ռուս գործընկերներուն, ներկայացնէ Հայաստանի ներդրումային գրաւչութիւնը», յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:
Գիւմրին փակ քաղաք դարձնելու գծով մամուլին մէջ շրջան ընող խօսակցութիւններուն մասին վարչապետը ըսած է. «Գիւմրին մշտապէս եղած է աշխարհի ամէնէն բաց քաղաքը, իբրեւ այդպիսին ալ պիտի մնայ: Գիւմրին փակ քաղաք դարձնելու ծրագիրներ չկան»:
Կ՛ակնկալուի, որ Ռուսիոյ նախագահը Հայաստան այցելէ դեկտեմբերին սկիզբը: Նախատեսուած է, որ Վլատիմիր Փութին Գիւմրիի մէջ մասնակցի հայ-ռուսական տնտեսական ֆորումին:







All the contents on this site are copyrighted ©.