2013-11-27 11:16:27

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները այցելեցին Լիբանանի Նախագահական պալատ


Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակին եւ Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակի զոյգ տօներուն առիթով, այսօր, 26 Նոյեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Լիբանանի Նախագահական Պալատ այցելեցին Մեսրոպեան վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու աշակերտները, ընկերակցութեամբ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Հայր Ղազար Վրդ. Պետրոսեանի, կրթական պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու:
Այցելութեան ընթացքին, մասնակիցները շրջագայեցան Նախագահական Պալատի բաժանմունքներուն, ժողովասրահներուն եւ գրասենեակներուն մէջ: Նախագահական Պալատի փրոթոգոլի պատասխանատուն ներկայացուց Պալատի պատմութիւնը եւ կառոյցի կազմութեան ու զարգացման մասին տեղեկութիւն:
Աւարտին, ներկաները դիտեցին Նախագահական Պալատին նուիրուած տեսերիզ մը, որ կ’անդրադառնար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքներուն, Պալատի վերակառուցման աշխատանքներուն եւ Պալատին մէջ գործունէութիւն ծաւալած նախագահներուն:
Այս օգտաշատ եւ դաստիարակիչ շարժառիթը մեծապէս նպաստեց, որ մեսրոպեանական աշակերտները մօտէն ծանօթանան Լիբանանի բարձրագոյն իշխանութեան կեդրոնատեղիին եւ անոր ծաւալած գործունէութեան







All the contents on this site are copyrighted ©.