2013-11-27 09:55:35

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Երբ ՜՜Չտեսը՝՝ հարստանայ, իր հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնէ, դուռ բանալով անախորժ դէպքերու …:
Կ՝ըսուի թէ երբ անզաւակ մարդը յանկարծ տղայ զաւակ ունենայ, ուրախութենէն իր հաւասարակշռութիւնը կրնայ կորսնցնել, անախորժ դէպքերու դուռ բանալով…: «Անզաւակ» բառը փոխաբերական իմաստով նաեւ կը գործածուի, չտես կամ յետոյ հարստացած մարդոց համար: Այն ուրախութիւնը որ յանկարծ կրնայ ունենալ անզաւակ անձը երբ տղայ զաւակ ունենայ, կը համեմատուի անոր, որ իր ամբողջ կեանքը՝ ծնողներու երիտասարդութենէն մինչեւ իր չափահասութիւնը, համեստ պայմաններու մէջ ապրած ըլլալով, յանկարծ կը հարստանայ բարեբախտ զուգադիպութեամբ, եւ իր հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնէ... Տղայ ունեցող անզաւակ մարդուն անկանխատեսելի այդ վարմունքը կրնայ որդեգրել նաեւ այն անձը, որ պարագաներու բերմամբ յանկարծ կը հարստանայ:
Տեսնուած է, որ արեան ճամբով սերունդէ սերունդ համեստութիւն ու խոնարհութիւն ժառանգած մարդիկ, նկարագիր փոխած են ու գոռոզացած:
Այսքանը ««բնական» հետեւանքը նկատուէր թերեւս յանկարծ ստացուած հարստութեան, սակայն աւելին կ՛ընեն անոնք: Որովհետեւ, ինչպէս անզաւակ մարդը երբ յանկարծ տղայ զաւակ ունենայ խելագարութեան նշաններ կրնայ ցոյց տալ, ու անսպասելի արարքներ գործելով ուղղակի վնաս հասցընել իր նորածինին, նոյնպէս ալ յետոյ հարստացած անձը կրնայ շրջապատին վնաս հասցնել ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ՝ գործով:
Կեանքի համեստ ու խոնարհ պայմանները, բնա՛ւ խոտելի չեն: Այնքան ատեն որ ինքնաճանաչողութիւնը եւ ինքնագիտակցութիւնը արթուն են, չեն թողուր որ մարդը իր չափէն ու աստիճանէն վեր բարձրութիւններու ցանկայ, կամ գլուխը այնքան բարձրացնէ, որ անբնական վիզ ունեցողներու կարգին դասուելով ընձուղտ կարծուի, ու մարդոց խումբէն զանազանուի…:
Հարստութեան նման է նաեւ բարձր պաշտօնը, զոր բախտի բերմամբ կրնան ստանձնել ոմանք, առանց արժանի ըլլալու այդ դիրքին: Բարձր պաշտօնը եւս կրնայ մինչեւ խելագարութեան տանիլ մարդը, որ յանկարծ կրնայ իր անձը տարբեր տեսնել իր նմաններէն: Նոյն Արարիչին ստեղծած արարածը, նոյն միս ու ոսկորով, ջղային նոյն դրուածքով եւ հողայնանալու նոյն վախճանով, կրնայ այնքան անհանդուրժողութիւն ցուցաբերել իր նմանին հանդէպ, որ մինչեւ իսկ տարբեր մոլորակէ եկած նկատելով զայն, փորձէ կալանաւորել ու իրեն ծառայեցնել: Անզաւակին յանկարծ պարգեւուած տղայ զաւակը չէ որ միայն կրնայ անհաւասարակշիռ դարձնել անոր ծնողքը, այլ երբեմն նաեւ բարձր պաշտօնը, զոր ստանձնելէ ետք կրնայ տուեալ անձը զրկել տեսողութենէ, որովհետեւ չկայ աւելի զօրաւոր լոյս որ կրնայ կուրցնել մարդուն աչքը, քան՝ փառքին լոյսը:
Ժողովրդային «հուռա՜»ներով, երգ ու պարով, տափով ու թմբուկով իրենց պաշտօնին կոչուած սովորական մահկանացուները, կարճ ժամանակ ետք անմահ նկատուելով, ոչ միայն անձեռնմխելի կը դառնան, այլ աւելին՝ անհպելի: Աւելորդ է ըսել, թէ անկարելի է այդպիսիներուն ետ բնական կեանքին վերադառնալը: Միայն նիւթական առաւելութիւնները զորս կը վայելէր իր փառքի օրերուն, չեն թողուր որ հաշտուի նոր իրականութեան հետ: Ուստի, մինչեւ վերջ պայքարելու ուխտ կը կատարէ, յանուն իր արժանապատուութեան պաշտպանումին:
Խոնարհ դասակարգի պատկանող ծանօթ մարդուն բախտը ժպտելով, հսկայ ու շքեղ յարկաբաժինի տիրացաւ: Նախկին խրճիթը, որ պապենական տունն էր, եւ որ գետնին սալայատակ իսկ չունէր, իր հողածածկ տանիքով ու կիրով ճերմկցուած պատերով, շուտով անցաւ պատմութեան: Ոչ իսկ կարելի է յիշել կամ յիշեցնել անոր իր անցեալի դիրքն ու վիճակը...Մանաւանդ յիշեցումները անցեալին մասին, ջղագրգիռ սկսան դարձնել ենթական, որ ամօթ կը համարէր նման արտայայտութիւններ, որոնք անպայման իր արժանապատուութիւնը վիրաւորելու համար չէին ըսուեր բարեկամներու կողմէ, այլ հին ու լաւ օրերը յիշելու եւ զանոնք վերապրելու միտումով:
Իր վարմունքը տեսնելով, բարեկամներ իրենց գլուխը կը ճօճէին, միշտ յիշելով անզաւակին ունեցած տղայ զաւակին պատմութիւնը, ուր հայրը ուրախութենէն շփոթած, անգիտակից մէկ արարքով վնաս հասցուցած էր իր այնքան երազած երեխային: Ոմանց մօտ երեւցող այս տխուր երեւոյթը դարմանումի կը կարօտի անշուշտ: Հաւասարակշռութիւն պահել եւ զգօն ըլլալ, մանաւանդ կեանքի յաջողութեանց պարագային, կը կարօտին յաւելեալ գիտակցութեան, որուն կ՛օգնէ Աստուածատուր շնորհքը:
Վա՜յ անոր, որուն աւելի նուազ բաժին կ՛իյնայ երկնատուր այդ պարգեւէն…:
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.