2013-11-27 12:52:59

''Առողջապահական առաքելութիւն'' Լիբանանի մէջ գտնուող Սուրիացի մանուկներուն ի նպաստ։


Չորեքշաբթի, 27 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 12,30 ին, Սուրբ Աթոռի` Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար`''Լիբանանի մէջ գտնուող Սուրիացի մանուկներուն յատկացուած առողջապահական առաքելութիւնը'', որ նախաձեռնուած է Քահանայապետական բարեսիրական ''Մէկ Սիրտ'' կոչուած խորհուրդի, եւ համագործակցութեամբ ''Պամպինօ Ճեզու -Մանուկ Յիսուս'' մանկաբուժական բաժնի եւ Լիբանանի Գարիթասի։
Մամլոյ ասուլիսին խօսք առին վերոյիշեալ Քահանայապետական խորհուրդին նախագահը` Կարտինալ Ռոպերդ Սարահ ինչպէս նաեւ ''Պամպինօ Ճեզու -Մանուկ Յիսուս'' հիւանդանոցին նախագահ` Փրոֆ. Ժուզէփփէ Փրոֆիթի եւ մորթաբան Տիկ. Մայ Ալ Հաշէմ։

Քահանայապետական ''Գոր Ունում'' բարեսիրական մարմնի նախագահ` Կարտինալ Սարահ իր զեկոյցի ընթացքին ակնարկեց այն արտակարգ իրադարձութեան որով Եկեղեցին կը գործէ Խաչի նշանի տակ գտնուող սրտով մը, ողորմածութիւնն ու աւետարանցումը միշտ իրար կապելու իղձով։
Կարտինալ Սարա յայտնեց որ վերոյիշեալ ծրագիրի միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ 3-էն 4 հազար մանուկներ դարմանել։
Ծնունդը կը մօտենայ եւ մենք կը կարծենք թէ Սուրիոյ պատերազմէն տառապող մանուկներուն ամենէն գեղեցիկ նուէրը պիտի ըլլայ անոնց վերադարձնել ժպիտն ու կեանքի յոյս։ Կարտինալ Սարահ հուսկ ակնարկեց թէ ''Գոր Ունում''-ը Քահանայապետին բարեսիրական հաստատութիւնն է որ կը գործէ այնտեղ ուր կան մարդասիրական արտակարգ պահանջներ, հակամարտութիւններ, բնական աղէտներ որ կը վերաբերին մարդուն եւ մարդու ընկերային ու մշակութային ամբողջականութեան։
Սուրիոյ տագնապը այս տեսակետէն կը հանդիսանայ աղէտ մը որուն դիմաց կարելի չէ անտարբեր մնալ - ըսաւ Կարտինալը - մատնանշելով թէ ինչպէս Սուրբ Աթոռը առաջին օրէն ի վեր, ուշադրութեամբ ու մօտէն հետեւեցաւ իրավիճակի զարգացումներուն ու ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապի այս ուղղութեամբ միջամտութիւններուն, հրատարակած կոչերուն եւ անցեալ 7 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի մէջ գլխաւորած Սուրիոյ խախաղութեան ի նպաստ աղօթքի հսկումին։
Կարտինալ Սարահ խօսքը եզրափակեց ըսելով` ''Այս է Եկեղեցւոյ լեզուն` Ան կ՛ուզէ եւ պարտական է խօսիլ բոլոր կարիքաւորներուն եւ աղքատութեան մէջ ապրողներուն համար, եւ այս պարագային Սուրիացի գաղթական մանուկներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.