2013-11-27 12:40:52

Աղօթքի հսկում ՝ Սուրիոյ խաղաղութեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան Հայր Փաուլօ Տալլոլիոյի եւ միւս արեւանգուածներու ազատագրումին դիտաւորւթեան։


Չորեքշաբթի, 27 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6,00ին, Հռոմի ''Սանթա Մարիա Տէլ Օրթօ'' կոչուած եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՚ ունենայ աղօթքի հսկում Սուրիոյ խաղաղութեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայր Փաուլօ Տալլոլիոյի եւ միւս արեւանգուած եկեղեցականներու եւ աշխարահականներու ազատագրումին դիտաւորութեան, նախաձեռնութեամբ Հռոմի թեմի ''եկեղեցիներու միջեւ միսոնարական համագործակցութիւն'' կազմակերպութեան եւ թեմի գաղթակններու հովութեան գրասենեակին եւ համագործակցութեամբ ''Միջին Արեւելքի համար Պատուհան'' հաստատութեան.
Աղօթքի արարողութինը կը նախագահէ գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի , ''եկեղեցիներու միջեւ միսիոնարական համագործակցութիւն'' կազմակերպութեան յանձնակատար։ Աղօթքի հսկումին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմի` Ասորի Կաթողիկէ հասարակութիւնն ու արեւելցի այլ գաղութներու անդամներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.