2013-11-26 09:12:29

Ցոյց Ուքրանիոյ մէջ. Եւրոպական Միութիւնը կը դատապարտէ «Ռուսական ճնշումը»


Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն պաշտօնատարներ` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյ եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսօ միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով սուր կերպով քննադատեցին Ռուսիան` Ուքրանիոյ վրայ ճնշում բանեցնելուն եւ զայն Եւրոպական Միութեան հետ այս շաբաթավերջին Ընկերակցութեան համաձայնութեան նախաստորագրումէն հրաժարելու մղելուն համար: «Ուքրանիա պէտք է ազատ կերպով որոշէ, թէ Եւրոպական Միութեան հետ ինչպիսի՛ կապ կ՛ուզէ հաստատել: Ուստի բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք ռուսական դիրքորոշման եւ քայլերուն», ընդգծեցին եւրոպացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարները:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ եւրոպամէտ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ նոր բախումներ արձանագրուեցան: Ուքրանական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ օգտագործեց:
Կիրակի օր 2004-ի Նարնջագոյն յեղափոխութենէն ետք տեղի ունեցած մեծագոյն ցոյցէն մէկ օր ետք հազարաւոր ցուցարարներ դարձեալ հաւաքուեցան Քիեւի Եւրոպական հրապարակին վրայ:
Ուքրանացի ընդդիմադիր ղեկավարներ, ներառեալ` բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան Վիթալի Քլիչքօ, կառավարութեան անակնկալ շրջադարձը «ամօթալի» նկատեցին եւ խոստացան ցուցարար բազմութիւնը անժամկէտ պահել կեդրոնական Քիեւի մէջ: Ցոյցին մասնակից գործիչներուն շարքին էին բանտարկուած ընդդիմադիր ղեկավար Եուլիա Թիմոշենքոյի համակիրները: Հարիւրաւոր ցուցարարներ գիշերը հրապարակին վրայ անցուցին վրաններու մէջ, հակառակ իշխանութիւններուն կողմէ այդ քայլը արգիլող հրամաններուն:
Վրանները արեւմտամէտ Նարնջագոյն յեղափոխութեան մեծագոյն երեւոյթներէն են:







All the contents on this site are copyrighted ©.