2013-11-26 09:32:39

Ուրիշը ընդունիլ իր անձով եւ գաղափառով


Կին մը՝ անունը Մարդա Յիսուսը կ'ընդունի իր տան մէջ: Զինքը կ'ընդունի իրեն քովը եւ իր տան դուռը կը բանայ: Ընդունիլ կը նշանակէ դուրս ելլել ուրիշը ընդունելու, այսինքն իր ներկայութիւնը ընդունիլ եւ իրեն տալու հիւրասիրութիւն: Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Փաոլիի նշանաւոր Քրիստոս Թագաւորին այդ բաց գիրքով արձանին շատ ընդմիջեց իր քարոզներուն մէջ միլիոնաւոր երիտասարդներուն առջեւ որոնք եկած էին իրեն հանդիպելու Երիտասարդական Հանդիպումի Օրերուն. իր խօսքին մէջ ան կ'ըսէր ,Նոյն իսկ այդ Յիսուսին դէմքը որ կը նայի դէպի ծովը իր գիրկը բանալով բոլորին, այդ Յիսուսը պատրաստ է ընդունելու այն բոլոր անձերը որոնք կը փափաքին իր քովը երթալու առանց որեւէ դժուարութեան:
Ես եկած եմ կը շարունակէ Սրբազան Քահանայապետը տարբերութեան եւ օտարութեան մէջ գտնուող զանազան երկիրներէն եկած երիտասարդները լայնածաւալ աչքերով եւ բաց գիրկերով ներշնչուելով այս գեղեցիկ քաղաքի Փրչագործ Յիսուսի արձանէն:
Երիտասարդները կը փափաքին ապաստան գտնել իր բաց գրկերուն մէջ, իր սրտին մօտ, չսելու համար իր յստակ եւ քաջ կոչին մէջ:
Գացէք բոլոր աշխարհ քարոզելու եւ դառնալու իր առաքեալներէն մէկը, որովհետեւ Քրիստոտ առաջինը եղաւ մարդը ընդունելու եւ ըլլալու առաջին ուսուցիչը:
Հիւրասիրութիւնը արդեօք քրիստոնէական առաջին շնորհքը չեղա՞ւ: Երբ քրիստոնեան կ'ընդունինք կը նշանակէ թէ անոր վրայ վստահութիւն կը ներշնչենք եւ պէտք եղածը իրեն կու տանք, հիւրասիրուած է որովհետեւ քաջ գիտէ թէ քրիստոնեան՝ բնութեամբ բարի է, որովհետեւ այդպէս սորվեցաւ իր նախնիքներէն, միշտ սորված է որ աշխարհը բարի է քանի որ Աստուած բարի է եւ այնպէս ստեղծեց աշխարհը իր պատկերին համաձայն: Վերջապէս քրիստոնեան հիւրասէր է որովհետեւ Քրիստոսը կը տեսնէ ուրիշին դէմքին վրայ (Մաթ 29, 40):
Մարդային եւ Մարիամին ընդունելութեան պատկերէն շատ մը դասեր գաղելու ենք: Նախ եթէ մարդը Յիսուսը չըլլար իրեն տունը պիտի չմտցներ եւ չէր նստեր իր տան մէջ, Մարդային ծառայութիւնները շատ հետաքրքրական են որովհետեւ Յիսուսը ընդունեցաւ որպէս կարեւոր անձնաւորութիւն մը:
Միւս կողմէն Մարիամ Կոյսը, որ միշտ Յիսուսի ծառայութեան եղած է, միշտ իր խօսքին մտիկ ըրաւ, մանաւադ Խաչին տակը: Հոս Մարիամ կ'ընդունի Յիսուսը իր ամէն ինչով, իր խօսքով եւ մասնակցելով փրչագործական արարքին:
Այս է իսկական ընդունելութիւնը երբ իրենց նման մենք ալ երբ բանանք միշտ մեր գիրկը Քրիստոսի որպէս կարեւորագոյն անձնաւորութիւն մը մեր կեանքին մէջ:
Ով Տէր օգնէ ինծի որ քեզ միշտ սիրով ընդունիմ որովհետեւ ինձմէ կը խնդրես որ ուրիշը սիրեմ, օգնեմ, ընդունիմ հաւատքով եւ սիրով: Օգնէ ինծի որպէսզի Սրբուհի Թէրէզային հետ գոչեմ. .,Կ'ընտրեմ կեանքս հակառակ իր խանքարումներուն. Ամէն:
Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատորեան







All the contents on this site are copyrighted ©.