2013-11-26 12:54:06

Նախագահ Փութինի այցելութիւնը Վատիկան։


Դաշնակցային Ռուսիոյ հանրապետութեան նախագահ` Վլատիմիր Փութին, երկուշաբթի, 25 նոյեմբերի յետ միջօրէին, պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Վատիկան` ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ու ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` գերապայծառ Փիէդրօ Փարոլինին եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։

Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, Ռուսիոյ մէջ կաթողիկէ համայնքի կեանքը եւ քրիստոնէութեան` ընկերութեան տուած սատարը։ Այս առընչութեամբ շեշտը դրուեցաւ աշխարհի մի քանի շրջաններու մէջ քրիստոնեաներուն ապրած դժուարին կացութեան եւ մարդու արժանաւորութեան հայող արժէքներու զարգացումի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ մարդու կեանքի եւ ընտանիքի պաշտպանութեան վրայ։

Զրոյցը ապա կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հետապնդումին վրայ եւ Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապալից իրավիճակի մասին ինչպէս նաեւ բռնութիւնները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան եւ ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւններ ապահովելու հրատապ հարցին ու հակամարտութեան խաղաղ լուծում գտնելու կարեւորութեան` դիմելով կողմերու միջեւ բանակցական ճանապարհին։

Այս այցելութիւնը, Նախագահ Փութինի Վատիկան կատարած չորրորդ, եւ Դաշնակցային Ռուսիոյ նախագահի մը վեցերորդ այցելութիւնն է` երկու Պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերահաստատումէն ետք, 1990-ին, Սովետական Միութեան անկումէն մէկ տարի առաջ։

Այդ թուականէն ետք` Պորիս Ելդսին նախագահը, եղաւ առաջինը որ այցելեց Վատիկանը, 20 նոյեմբեր 1991-ին։ Ան ապա երկրորդ այցելութիւն մը տուաւ` 2 փետրուար 1998-ին, երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հետ քննարկելու համար Ռուսիոյ մէջ կրօնական ազատութեան հարցը եւ ուրիշ այլ կարեւոր հարցեր։

Նախագահ Փութին Վատիկան այցելած է 2000-ի, յունիս 5-ին եւ 2003-ի նոյեմբեր 5-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով, ապա 13 մարտ 2007-ին հանդիպում ունեցած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։ Այդ թուականէն ետք, 2009-ին` Նախագահ Տիմիդրի Մետվետեւը եղաւ յաջորդ նախագահը որ այցելեց Վատիկանը միշտ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։

Իսկ Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետ ընտրուելէն ետք` Փութինի Վատիկան կատարած այցելութիւնը` Դաշնակցային Ռուսիոյ նախագահի մը առաջին այցելութիւնն է։ Յայտնենք թէ անցեալ 4 սեպտեմբերին, Սան Փիդրպուրկի մէջ գումարուած 20 մեծ Պետութիւններու վեհաժողովին առթիւ` Ֆրանչիսկոս Պապը նամակ մը յղած էր Նախագահ Փութինին, որուն մէջ հրաւիրած էր ժողովականները ''անտարբեր չի մնալու Սուրիոյ սիրալիր ժողովուրդի ապրած տառապանքին առջեւ''։ Նախագահ Փութին` Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած զրոյցի ընթաքին ուզեց յաատուկէն շնորհակալութիւն յայտնել Սրբազան Քահանայապետին ցուցաբերած հոգատարութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.