2013-11-26 12:54:28

Երեւան կ՛ողջունէ Իրանի Հիւլէական ծրագիրին համաձայնութիւնները


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ողջունած է Ժընեւի մէջ Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերող համաձայնութիւնը:
«Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը լաւ լուր է ոչ միայն տարածաշրջանի, այլեւ ամբողջ միջազգային հանրութեան համար: Հայաստանը մշտապէս արտայայտուել է բանակցութիւնների միջոցով, խաղաղ ճանապարհով խնդրի լուծման օգտին, թէեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը միջանկեալ բնոյթ ունի, եւ այն ճանապարհ է բացում բանակցային բոլոր կողմերի ջանքերի շնորհիւ խնդրի համապարփակ կարգաւորման համար», յայտարարած է Էդուարդ Նալբանդեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.