2013-11-25 12:09:38

Տրիդենտեան Տիեզերական ժողովի փակման 450 ամեակի եւ Մանակուա գաւառի եկեղեցւոյ հաստատումին 100 ամեակին առթիւ Քահանայապետկան անուանումներ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քայանայապետը, Գարագասի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ժորժ Լիպէրաթօ Ուրօսա Սավինօն, անուանեց իր յատուկ պատուիրակը` նախագահելու համար Վենեզուէլլայի մէջ Մանակուա գաւառի եկեղեցւոյ հաստատութեան առաջին հարիւր ամեակին փակման հանդիսութեան տօնակատարութիւնները, որ տեղի պիտի ունենան 2 դեկտեմբեր 2013ին։
Կարդինալ Սավինօյի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն` Հար Խուլիօ Սէզար Արանա Կոնզալէս՝ Մանակուա թեմի Սան Ճուտաս Թատէօ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ Հայր Ալֆոնսօ Ալվարատօ Լուկօ, Կրանատայի թեմի անդամ եւ տեսուչ՝ Ռիվաս քաղաքի Ժէզուս Տէլ Րէսքաթէ կոչուող ազգային սրբավայրին։

Իսկ Տրիդենտեան Տիեզերական ժողովին փակման 450 ամեակի առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր յատուկ պատուիրակ անուանած է` Կարտինալ Վալթէր Պրանտմիւլլէրը, նախագահելու համար տօնակատարութիւնները որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 1 դեկտեբեր 2013-ին, Իտալիոյ Թրէնթօ քաղաքի Մայր տաճարին մէջ։ Կարտինալ Վալթէր Պրանտմիւլլէրի պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Գերապայծառ Լուտովիկօ Մաուլէ եւ Գերապայծառ Ումպէրթօ Ճաքոմէթթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.