2013-11-25 11:56:46

Սուրիոյ Մէջ 11 Հազարէն Աւելի Երեխայ Զոհուած Է


Մեծ Բրիտանիոյ մէջ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն` Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մօտ երեք տարիներու ընթացքին զոհուած են 11 հազարէն աւելի երեխաներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Լոնտոնի մէջ գործող Օքսֆորտեան հետազօտական խումբի տուեալներով` Անոնց մեծ մասի մահուան պատճառ դարձած են տարբեր բնակավայրերու ռմբակոծութիւնները եւ հրթիռակոծութիւնները, սակայն հարիւրաւոր դեռահասներ դիպուկահար կրակոցներու զոհ դարձած են, հարիւրաւոր երեխաներու նկատմամբ ալ կիրառուած են նոյնիսկ խմբակային մահապատիժներ եւ կտտանքներ:
Սուրիական հակամարտութեան ընթացքին զոհուածներու ընդհանուր թիւը արդէն կը գերազանցէ 100 հազարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.