2013-11-25 09:57:51

Համաեւրոպական Հեռախօսամարաթոնը Արձանագրեց 1.460.000 Եւրոյ Նուիրատւութիւն


Նոյեմբեր 21-24 Ֆրանսայի մէջ կայացած համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը արձանագրած է 1 միլիոն 460 հազար եւրոյ նուիրատւութիւն եւ նուիրատւութեան խոստում, որ գերազանցած է նախորդ տարուան ցուցանիշը շուրջ 40.000 եւրոյով: Այս մասին կը յայտնեն “Հայաստան” համահայկական հիմնադրամէն:
Յիշեցնենք, որ ֆրանսայի հայ համայնքին կողմէ նուիրաբերուած գումարներով պիտի շարունակուի համայնքային կեդրոններու կառուցումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ աջակցութիւնը մեր սուրիահայ հայրենակիցներուն, իսկ Հայաստանի մէջ պիտի ընդլայնուին գիւղատնտեսութեան խթանման ուղղուած նախաձեռնութիւնները Տաւուշի մարզի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.