2013-11-25 09:57:58

Ժընեւի մէջ Իրան եւ Վեցեակ համաձայնութեան հանգեցան։


Ժընեւի մէջ օրեր տեւած աշխուժ բանակցութիւններէ ետք, Իրան եւ Վեցեակը գոյացուցին համաձայնութիւն մը, ըստ որուն Իրան իր հիւլէական գործունէութեան մէկ մասը կը դադրեցնէ, փոխարէնը անոր դէմ հաստատուած շուրջ 7 միլիառ տոլարի պատժամիջոցներ կը ջնջուին: Համաձայնութիւնը վեց ամսուան համար է եւ առիթ կ՛ընծայէ, որ վերջնական համաձայնութեան համար բանակցութիւններ կատարուին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ողջունեց համաձայնութիւնը` յայտնելով, որ ատիկա կը բովանդակէ «նկատառելի սահմանափակումներ, որոնք կը նպաստեն արգելք հանդիսանալու, որ Իրան հիւլէական զէնք պատրաստէ»:
Իրան համաձայնեցաւ միջազգային հետաքննիչներուն աւելի դիւրութիւններ ընծայել եւ իւրանիոմի հարստացման կարգ մը աշխատանքները դադրեցնել:
Մինչ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի ողջունեց համաձայնութիւնը, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ ժամանակաւոր համաձայնութիւնը կը ճանչնայ Իրանի հիւլէական «իրաւունքները»: «Իւրանիոմի հարստացումը պիտի շարունակուի, եւ այդ ալ` իրանեան հողամասերուն վրայ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ «Իրան մեզի հետ իր յարաբերութիւնները երկար տեւողութեան վրայ զարգացնելու համար պէտք է իր վարմունքը փոխէ»: Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը շրջանը Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներուն, ներառեալ` Իսրայէլի համար աւելի ապահով պիտի դարձնէ: Սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Ժընեւի համաձայնութիւնը «պատմական սխալ» մըն է, եւ իր երկիրը իրեն կը վերապահէ ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը:
«Այսօր աշխարհը շատ աւելի վտանգաւոր վայրի մը վերածուեցաւ, որովհետեւ աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր վարչակարգը աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր զէնքը ձեռք ձգելու համար նկատառելի քայլ մը առաւ», ըսաւ ան: Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան աւելցուց, որ Իսրայէլ գոյացած համաձայնութեան յանձնառու չէ: «Չենք կրնար եւ պիտի չարտօնենք, որ վարչակարգ մը, որ Իսրայէլի բնաջնջումին կոչ կ՛ուղղէ, իր նպատակը իրագործելու միջոցներուն տիրանայ», ըսաւ ան:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ «Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը իրանեան ժպիտներու յարձակումին դիմաց անձնատուութիւն է», իսկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ըսաւ, որ «Ժընեւի համաձայնութիւնը Իրանի դիւանագիտական մեծագոյն յաղթանակն է»:
Ըստ Սպիտակ տան, համաձայնութեան գլխաւոր կէտերն են.
- Իրան պիտի դադրի իւրանիոմը 5 առ հարիւրէ աւելի հարստացնելէ (այդ համեմատութենէն աւելին կ՛արտօնէ, որ հիւլէական զէնք արտադրելու աշխատանք տանի) եւ այդ համեմատութենէն աւելի հարստացուած իւրանիոմի իր պահեստի ծաւալը նուազեցնէ:
- Իրան հետաքննիչներուն յաւելեալ դիւրութիւններ պիտի ընծայէ, ներառեալ` առօրեայ մուտք Նաթանզ եւ Ֆորտօ հիւլէական կեդրոններ:
- Փոխարէնը, յառաջիկայ վեց ամիսներուն հիւլէական թղթածրարին առնչութեամբ նոր պատժամիջոցներ պիտի չհաստատուին, եթէ Իրան համաձայնութիւնը յարգէ:
- Իրան նաեւ 7 միլիառ տոլար արժողութեամբ պատժամիջոցներու ջնջում պիտի ստանայ, ներառեալ` յարգի մետաղներու մարզին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.