2013-11-25 15:41:17

«Ժնեւ-2» Համաժողովը Պիտի Կայանայ 22 Յունուար 2014-ին


Սուրիոյ հարցով «Ժնեւ-2» միջազգային համաժողովը տեղ պիտի ունենայ 22 Յունուար 2014-ին: Այս մասին տեղեկացուցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, Սուրիոյ ընդդիմադիր ճակատը համաձայնած է համաժողովին մասնակցելու համար ուղարկել փոքր պատուիրակութիւն մը: Պան Քի Մուն երախտագիտութիւն յայտնած է ԱՄՆ-ին եւ Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ բանագնաց Լախտար Իպրահիմիին համաժողովի կայացման նպատակով ջանքեր ներդնելուն համար: Սուրիական լրատուամիջոցները աւելի առաջ յայտնած էին, որ հնարաւոր է համաժողովը կայանայ Յունուար 12-ին:
Միւս կողմէն Ժնեւի մէջ կ’ընթանայ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի մամուլի քարտուղար Լախտար Իպրահիմիի հանդիպումը ամերիկացի եւ ռուս գործընկերներու հետ: Անոնք կը քննարեն համաժողովին վերաբերեալ հարցեր: Ռուսական կողմը կը ներկայացնեն Արտաքին գործոց փոխնախարարներ Միխայիլ Պոկտանով եւ Կենատի Կաթիլովը, իսկ ամերիկեան կողմը` ԱՄՆ-ի ԱԳ նախարարի օգնական Ուենտի Շիրմանը:
Մինչ այդ, Լախդար Իպրահիմի հանդիպում ունեցածէ Սուրիոյ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Ռուսական ԻԹԱՌ-ԹԱՍՍ գործակալութիւնը նախապէս տեղեկացուցած էր, որ արեւմտեան դիւանագէտի մը խօսքով, որուն անունը չէ նշուած, «Ժնեւ-2» միջազգային համաժողովի կայանալը այս տարի շատ քիչ հաւանական է: Ան նաեւ աւելցուցած էր, որ Ռուսիան , ՄԱԿ-ը եւ ԱՄՆ-ն այսօր` Նոյեմբեր 25-ին, պիտի փորձեն որոշել միջազգային համաժողովին կայանալուն օրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.