2013-11-23 10:08:53

ԽՕՍԷ՛ ԻՆԾԻ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻԻ ՄԱՍԻՆ


Յիշենք, թէ Վանայ ծովին հիւսիս արեւմտեան ափին վրայ երկրորդ հրաբուխ մըն ալ կայ. Սիփանը`4434 մեթր: Իսկ հարաւային ափերուն մօտ` երրորդ հրաբուխ մը` Վարագ անունով: Այս հրաբուխներուն ներկայութեան պատճառով` երկիրը կոչուած էր ` «Նայիրի», որ սեմական լեզուով կը նշանակէ «կրակէ երկիր»:
Այս տեսութեամբ կը բացատրուի Վահագնի տրուած «վիշապաքաղ» անունը, ուր «քաղ»ը ո՛չ թէ քաղել բայէն է, այլ «քաղ» հին հայկական մէկ բառէն, որ կը նշանակէ բերանէն կրակ ժայթքող հրէշ, Նեմրուտ հրաբուխին խէս:
Մատենագրութիւն
Կրօններու համեմատական գիտութիւնը եւս կրնայ հայ դիցաբանութեան վրայ լոյս սփռել: Այս գիտութեամբ զբաղող առաջին հայ հեղինակները եղած են- թէեւ ո՛չ շատ խիստ գիտական մերձեցումով- Չամչեան, Ինճիճեան եւ Գաթրճեան Մխիթարեան Հայրերը, որոնք իրենց պատմու-թեան հատորներուն մէջ գլուխ մը յատկացուցած են հեթանոս կրօնին:
Առաջին գիտական ուսումնասիրութիւնը ռուսերէն լեզուով կատարած է Մկրտիչ Էմին (Ընդհանուր Տեսութիւն Հայոց Հեթանոսական Կրօնին Վրայ), որ ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանուած է Պոլիս, 1874-ին: Էմինէն ետք նոյն նիւթը շօշափած են Կ. Կոստանեանց, Գարագաշեան, Հ. Բարսեղ Սարգի-սեան…: Իսկ Հ. Ղ. Ալիշան, առաջին անգամ ըլլալով ժողովրդային զրոյցները շահագործած է:
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿՐՕՆԸ
Քրիստոնէութիւնը մարդկային Պատմութեան մէջ յայտնուեացաւ ա՛յնպիսի ժամանակաշրջնի մը մէջ, երբ մարդկութեան մէկ մասը անաուններ կը պաշտէր, միւսը` կուռքերուն մարդկային զոհ կը մատուցանէր, երրորդը`հերոսներ կ’աստուածացնէր ու արձաններ կը կանգնէր: Մարդկութեան ուրիշ մէկ մասն ալ կրօնը նոյնացուցած էր ազնիւ բարոյախօսութեան հետ, ինչպէս Սոկրատ` Յունաստանի մէջ, Քրիստոսէ հինգ դար առաջ`չինական աշխարհը բարոյական բարձր կատարելու-թեան հասցուցած էր, իսկ Պուտտան իր միստիկական տեսութիւններով հնդկական աշխարհը առինքնած էր:
Փոքր ժողովուրդ մը բազմաստուածութենէն բարձրացած էր հարազատ միաստուածութեան: Ան հրեայ ժողովուրդն էր, որ արժանացած էր Եահվէ-Աստուծոյ յատուկ գուրգուրանքին: Աստուած Մովսէսի միջոցով դաշինք կնքած էր այս ժողովուրդին հետ եւ զայն ընտրեալ ժողովուրդ կարգած էր, որովհետեւ այս ժողովուրդէն պիտի ընձիւղէր Քրիստոսը` քրիստոնէութեան հիմնադիր Աստուածորդին: Այս նոյն ժողովուրդին զաւակներուն մէջ է որ քրիստոնէութիւնը արմատ նետելով` պիտի տարածուէր աշխարհի երեսին:
Քրիստոնեայ կրօնին յատկանիշերը
Քրիստոնէութիւնը կը տարբերի միւս կրօններէն իր հետեւեալ կարգ մը յատկանիշներով:
ա) Հիմնադրին անձը:
Կրօններու միւս հիմնադիրները, ըլլան անոնք Պուտտան, Կոնփուկիոսը կամ Մահմէտը, իրենք զիրենք Աստուած չեն հռչակած իրենց կեանքին ընթացքին, այլ ուրիշներ յետագային փորձած են զանոնք աստուածացնել: Քրիստոս իր կեանքին ընթացքին իր աստուածութիւնը բարձրաղաղակ հռչակեց եւ իբր ապացոյց իր աստուածային էութեան`բազմահարիւր մարդոց առջեւ հրաշքներ գործեց, որոնցմէ գլխաւորագոյնը` մահէն ետք իր Յարութիւնը:
(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.