2013-11-23 09:17:04

Լաւրով Ժընեւի մէջ՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցելու համար


Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ի երեկոյեան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ժընեւ ժամանեց՝ միանալու համար Չորեքշաբթի օր սկսած Իրանի ու Վեցեակին միջեւ բանակցութեանց:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներուն եւ Գերմանիայէն բաղկացած Վեցեակին հետ Իրանի բանակցութիւնները՝ Եւրոպական միութեան արտաքին յարաբերութեան գլխաւոր յանձնակատար Քեթրին Էշթընի բանբերին կողմէ «յատկանշական ու մանրամասն», ինչպէս նաեւ «օգտակար» որակուած էին:
Իր կարգին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Ճաուատ Զարիֆ յայտնեց, որ բանակցութիւնները «լաւապէս յառաջ կ՛երթան, սակայն սահմանափակ թիւով հարցերու շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի»:
Կողմերը երեք օրերու ընթացքին չորս նիստեր գումարած են, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան խորհրդակցութիւնները աւարտած են, զանոնք ներքին ձեւաչափով շարունակելու նպատակով:
Լաւրովի Ժընեւ ժամանումը կասկածներ յառաջացուցած է, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի եւս կրնայ բանակցութեանց միանալ՝ բարձրացնելով նախնական համաձայնութեան մը յայտարարութեան հաւանականութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.