«Թուիթըր»ի փոխնախագահ Ր. Գրիգորեան միացած Է «ԹՈՒՄՕ»ին ։
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Թուիթըր» ընկերային ցանցի փոխնախագահ Րաֆֆի Գրիգորեան համալրած
է «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոնի խորհուրդի հեղինակաւոր անդամներուն ցանկը:
«ԹՈՒՄՕ»ի հանրային կապերու համակարգող Գայիանէ Այվազեանը «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ
Գրիգորեան կեդրոնին պիտի փոխանցէ նորագոյն արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ իր տասնամեայ
փորձառութիւնն ու կրթութեան հանդէպ եռանդը։ Որպէս «Թուիթըր» ի առաջնորդ՝ Գրիգորեան
ղեկավարած է ընկերութեան ծառայութիւններու համարկումը Apple-ի iOS մոպայլ համակարգին
եւ օգնած է՝ ստեղծելու նոր ծրագիրը: Այսօր ընկերութեան մէջ ան կը ղեկավարէ աւելի քան
հինգ տարբեր խումբեր եւ պատասխանատու է ընկերային ցանցի ծրագրային ենթակառոյցներուն։ Նախքան
«Թուիթըր»ին միանալը, Գրիգորեան հիմնադրած է WattzOn.com ընկերութիւնը, դասաւանդած է
Նիւ Եորքի համալսարանի հեռահաղորդակցութեան բաժինին մէջ, ինչպէս նաեւ O՛Reilly Media-ի
հրատարակած «TiVo Hacks» գիրքին հեղինակն է: 2012 թուականին Րաֆֆի Գրիգորեան առաջին
անգամ ըլլալով այցելած է «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն, իսկ 2014ի գարնան ան նորէն պիտի այցելէ՝ այս
անգամ ղեկավարելու ծրագրաւորման խորացուած աշխատարան, այսպիսով աջակցելով «ԹՈՒՄՕ»ի ծրագրաւորման
ոլորտի ուսումնական ծրագիրի ընդլայնման: