Վանի մէջ այսօր առաւօտեան տեղի ունեցած է 4,5 աստիճան զօրութեամբ երկրաշարժ մը: Երկրաշարժի
կեդրոնը գտնուած է քաղաքին մէջ` երկրակեղեւէն 20 քիլոմեթր խորութեան վրայ: Այս մասին
կը հաղորդէ Armenpress.am-ը` վկայակոչելով թրքական “Անատոլու” գործակալութիւնը: Երկրաշարժի
ցնցումները զգացուած են ե՛ւ քաղաքի կեդրոնը, ե՛ւ շրջակայ գիւղերուն մէջ: Նախնական տուեալներուն
համաձայն` երկրաշարժին իբրեւ արդիւնք մարդկային եւ նիւթական կորուստներ չեն արձանագրուած: