2013-11-22 16:24:26

''Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու արտագաղթի հարցը մարտահրաւէր մըն է'' կը գրեն Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովի լիանիստ հաւաքի մասնակիցները։


Արեւելեան եկեղեցիներու Ժողովը, 19-22 նոյեմբեր, Վատիկանի մէջ գումարած էր իր տարեկան լիանիստ հաւաքը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներն ու աւագ Եպիսկոպոսները, որոնց շարքին` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքը։
Լիանիստ հաւաքի աւարտին, իրենց հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, ժողովականները կը յայտնեն թէ ''Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու արտգաղթի հարցը մարտահրաւէր մըն է'', Արեւելցի քրիստոնեաները մեծապէս կը տուժեն Իրագի պատերազմի հետեւանքներէն, Սուրիոյ ներկայ իրավիճակէն ինչպէս նաեւ Իսրայել-Պաղեստին հարցէն ու ''բազմազան'' Եգիպտոսի մը վերածնունդի գտած դժուարութիւններէն։
Հաղորդագրութիւնը կը մատնանշէ համամիութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ու Հռոմի Աթոռի միջեւ կապին ու ''սիւնհոդոսական'' գեղեցիկ փորձառութեան։
Հաղորդագրութիւնը կը վերահաստատէ նաեւ թէ` ''առաքելութեան ծագումը'' սկիզբ առած է միջին արեւելքի եւ թէ ինչպէս Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեաները այսօր`վերոյիշեալ հարցերու պատճառաւ, հեռացած են իրենց բնակավայրերէն ու հաստատուած այլ ցամաքամասերու մէջ ու այս առընչութեամբ, ժողովականները վերաւետարանութեան ծիրէն ներս, ընդգծեցին հարկաւորութիւնը` Եկեղեցական մատակարարական նոր կարգադրութիւններու, հաւատացեալներուն ապահովցնելու համար իրենց աւանդական հոգեւոր ծիսակատարութիւնները։
Ժողովականները երախտագիտութիւն յայտնելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, իրենց նուիրած ժամանակին եւ ուշադրութեան, հաղորդագրութիւնը կը փակեն հաստատելով թէ ''Կաթողիկէ արեւելքը յանձնառու է միջկրօնական երկխօսութեան իրականացման գծով, Միջին Արեւելքի երկիրներու առօրեային մէջ, բարեգործական եւ կազմաւորումի ասպարեզներէն ներս վկայելով սէրը, ի շահ բոլոր ազգերուն ուր քրիստոնեաները ի սկզբանէ քաղաքացիներ են` աւետարանութեան սկիզբէն ի վեր եւ ուրիշ կրօններէ ու ժողովուրդներէ շատ առաջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.