ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովը պիտի քննէ «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողերուն» հարցը
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի
Դեկտեմբեր 16ի օրակարգին վրայ կարելի եղած է դնել «Ատրպէյճանի գրաւեալ հողերուն վրայ
կացութիւնը» խորագիրով բանաձեւի մը նախագիծին քննարկումը: Այս բանաձեւի նախագիծին
քննարկումը արդէն իսկ քանի մը առիթներով յետաձգուած է ՄԱԿի 68րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին: