2013-11-22 09:39:23

Դրամահաւաք Փիլիպեան Կղզեխումբի ի նպաստ։


Յառաջիկայ կիրակի 24 նոյեմբերին, Հաւատոյ Տարուայ փակման արարողութեան ընթացքին, զոր տեղի պիտի ունենայ
Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, նախատեսուած է նաեւ դրամահաւաք` ի նպաստ Փիլիպեան կղզեխումբի ''Հայան'' մրրիկի աղէտեալներուն։ Դրամահաւաքը տեղի պիտի ունենայ, Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ նախագահած սուրբ պատարագի արարողութենէն առաջ` բազմաթիւ կամաւորներու համագործակցութեամբ։ Յառաջիկայ օրերուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի որոշէ հաւաքուած դրամի` Փիլիպեան կղզիներ ուղարկելու պայմանները։ Յայտնենք որ այս առաջին անգամն է, 10 - 15 տարիներէ ասդին, որ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ դրամահաւաք կը կազմակերպուի։
Յայտնենք նաեւ` որ կիրակի 24 նոյեմբերի յետմիջօրէին, Սանդա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի մէջ, Հռոմի Թեմի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է աղօթքի արարողութիւն մը, ի յիշատակ ''Հայան'' մրրիկի զոհերուն։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Փիլիպենցի եւ Հռովմէացի հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.