2013-11-21 12:42:07

Սուրիոյ Լուսաւորութեան եւ կրթութեան նախարար Մուհամմէտ Ալի այցելեց Ազգ. Առաջնորդարան


Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2013-ին, Սուրիոյ Լուսաւորութեան Եւ Կրթութեան Նախարար Փրոֆ. դոկտ. Մալէք Մուհամմէտ Ալի, ընկերակցութեամբ Դամասկոսի Պետական Համալսարանի տնօրէն Փրոֆ. դոկտ. Մուհամմէտ Ամէր Ալ Մարտինիի այցելեց Դամասկոսի Ազգային Առաջնորդարան: Այս մասին կը հաղորդէՍամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դիմատետրի էջը:
Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Նախարարին ընդունեցին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Ազգ. Գաւառական Ժողովի անդամներ՝ Ասատուր Կէօնճեանը եւ Շաւարշ Ակինեանը, Ազգ. Քաղաքական Ժողովի անդամներ՝ Աւօ Ոսկեանը եւ Մովսէս Հալաճեանը, Ազգ. Սբ. Թարգմանչաց Ճեմարանի տնօրէն՝ տիար Յակոբ Տէր Վարդանեանը եւ պետական տնօրէնուհի՝ տիկին Աթուանը:
Հանդիպման ընթացքին տիար Նախարարը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց 11 Նոյեմբերին, հրթիռի պայթումին պատճառով նահատակուած աշակերտներուն համար, խստօրէն դատապարտելով վայրագ ահաբեկչութիւնը: Տ. Արմաշ Սրբազան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Նախարարի ազնիւ այցելութեան եւ կարեկցանքին համար: Այնուհետեւ ներկաները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան ապագայի ճեռանկարային կարելիութիւններ:







All the contents on this site are copyrighted ©.