2013-11-21 12:36:31

''Չենք կրնար համակերպիլ առանց Քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մը գաղափարին'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Լիագումար նիստի մասնակիցներուն ուղղած իր ճառին մէջ։


''Հռոմի Եպիսկոպոսը պիտի չի հանդարտի մինչեւ այն ատեն որ կան, որեւէ կրօնի պատկանող, այրեր ու կիներ, որոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է, զրկուած են նոյնիսկ ապրելու ամենէն տարրականէն, որոնց ապագան կողոպտուած է, եւ պարտադրուած են ապրելու փախստականի եւ գաղթականի իրավիճակը''։

Հինգշաբթի, 21 նոյեմբերի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Գլմենդինա Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի լիագումար նիստի 55 մասնակիցներուն, ու այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ, խօսքը կեդրոնացուց Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի վրայ ըսելով` ''Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ''Քրիստոս ժողովուրդներու լոյսն է'', այսպէս կը սկսի Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի Եկեղեցւոյ մասին Վարդապետական սահմանադրութիւնը։ Արեւելքէն արեւմուտք համայն Եկեղեցին վկայութիւն կու տայ Աստուծոյ Որդւոյն մասին, այդ Եկեղեցին որ ներկայ է ամէն ժողովուրդներու մէջ, որուն աշխարհ ի սփիւռս հաւատացեալները, հաղորդութեան մէջ են, Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ։

Սրբազան Հայրը ակնարկեց Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի լիագումարին եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու կարեւորութեան ու անոնց` Տիեզերական Եկեղեցւոյ ի նպաստ տուած սատարին։ Ան ապա, ինչպէս իր նախորդները, ուզեց վերահաստատել թէ ''Եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ, օրինականօրէն գոյութիւն ունին, յատուկ եկեղեցիները, իրենց իւրայատուկ աւանդութիւններով, զոր կը յարգեն Սուրբ Պետրոսի աթոռի առաջնութիւնը, որ կը նախագահէ սիրոյ տիեզերական հաղորդութիւնը, կը պաշտպանէ օրինական տարբերութիւնները եւ կը հսկէ որպէսզի այն ամէն բան որ յատուկ է, ոչ միայն չի սպառնայ միութեան, այլ նպաստէ անոր։

Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց` Պատրիարքներուն եւ Աւագ Եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած առաւօտեան հանդիպումին, որուն ընթացքին իրեն ներկայացուեցան զանազան Արեւելեան Եկեղեցիներու ներկայ իրավիճակները ու այս առընչութեամբ յորդորեց ներկաները ''ամէն ջանք թափել, որպէսզի Տիեզերական Ժողովի առաջադրանքները իրականան''։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ այն ''օրհնուած հողամասին'' ուր Քրիստոս ապրեցաւ, մեռաւ ու Յարութիւն առաւ։ Հոն ուր Հաւատքի լոյսը չէ մարած եւ կը շարունակէ տակաւին կենդանիօրէն ճառագայթել։ Արեւելքէն լոյսը որ լուսաւորեց տիեզերական եկեղեցին, այն ժամանակէն երբ յայտնուեցաւ մեր մէջ լուսաւոր Արեւ մը` մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը։'' Ամէն մէկ կաթողիկէ երախտապարտ է այդ ցամաքամասի մէջ ապրող կաթողիկէ Եկեղեցիներուն'' - յարեց Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց- ''Անոնցմէ կարելի է սորվիլ` համամիութենական եւ միջկրօնական երկխօսութեան հոգիի առօրեայ ճիգերու իրականացումը։ Դարերէ ի վեր, անոնց ապրած, աշխարհագրական, պատմական եւ մշակութային միջավայրը, զանոնք դարձուց քրիտոնեայ եւ այլ կրօններու բնական զրուցակիցներ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ակնարկեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապրած դժուար կացութեան` Սուրիայ, Իրագ, Եգիպտոս, Սուրբ Երկիր ու ըսաւ ''Հռոմի Եպիսկոպոսը պիտի չի հանդարտի մինչեւ այն ատեն որ կան, որեւէ կրօնի պատկանող, այրեր ու կիներ, որոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է, զրկուած են նոյնիսկ ապրելու ամենէն տարրականէն, որոնց ապագան կողոպտուած է, եւ պարտադրուած են ապրելու փախստականի եւ գաղթականի իրավիճակը''։
Այսօր` Արեւելեան Եկեղեցիներու հովիւներու հետ միասին, կոչ կ՛ուղղենք որպէսզի յարգուի բոլորին իրաւոնքը ապրելու արժանավայել կեանք մը եւ բոլորը կարենան ազատօրէն դաւանիլ իրենց հաւատքը։ Չենք կրնար համակերպիլ առանց Քրիստոնեաներու ներկայութեան միջին արեւելքի մը գաղափարին, ուր երկու հազար տարիներէ ի վեր` Յիսուսի անունը կը դաւանուի, եւ ուր անոնք որպէս քաղաքացիներ, մաս կը կազմեն այդ շրջանի ընկերային, մշակութային եւ կրօնական կեանքին։

''Շարունակենք հսկել - ըսաւ Քահանայապետը - վստահ ըլլալով որ Տէրը մեզի պիտի օգնէ''։ Ան ապաւ հրաւիրեց համայն Եկեղեցին աղօթելու խաղաղութեան ու հաշտութեան համար, հաստատելով թէ ''աղօթքը` եթէ անկեղծ ու յարատեւ է, կ՛ապազինէ յիմարութիւնները եւ կը յառաջացնէ երկխօսութիւն''։

Սրբազան Հայր ապա խօսքին աւարտին միտքը ուղղեց դարձեալ Երուսաղէմին` ուր ''ամէնքս ծնունդ առինք հոգեւորապէս'', ու ապա հայցեց, երանելի Յովհաննէս ԻԳ եւ երանելի ՅՊԲ` խաղաղութեան գործիչ քահանայապետներու բարեխօսութիւնը, ու ''սիրելի Արեւելեան Եկեղեցիներուն'' ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.