2013-11-21 12:00:55

Զրոյց Քսան­երեքերորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (2)


Հարցում թիւ 75. Ի՞նչու քրիստոնեաները Յիսուսը ՙՏէր՚ կը կոչեն։
ՙԶիս կը կոչէք Վարդապետ եւ Տէր, եւ լաւ կ՛ընէք, որովհետեւ ադդպէս եմ՚ կը հաստատէ Յիսուս (Յովհաննէս 13,13)։
Առաջին քրիստոնեաներուն համար, շատ բացայայտ էր Յիսուսի մասին խօսելու ատեն` զինքը Տէր կոչել, լաւ գիտնալով որ այս տիտղոսը, Հին Կտակարանին մէջ, տրուած էր միայն Աստուծոյ։ Բազմաթիւ նշաններով` Յիսուս իրենց ցոյց տուած էր թէ աստուածային կարողութիւն մը ունէր բնութեան վրայ, ինչպէս նաեւ սատանաներուն, մեղքին եւ մահուան վրայ։ Յիսուսի առաքելութեան աստուածային ծագումը յայտնուեցաւ եւս առաւել երբ ան յարութիւն առաւ մեռելներէն։ Թովմաս առաքեալ կը յայտարարէ. ՙՏէր իմ եւ Աստուած իմ՚ (Յովհաննէս 20,28)։ Ուրեմն եթէ Յիսուս Տէր է, քրիստոնեան որեւէ ուրիշ իշխանութեան առջեւ պէտք չէ ծունկի գայ։

Հարցում թիւ 76. Ինչու՞ Աստուած մարմնացաւ Յիսուս­Քրիստոսի մէջ։
ՙՄեզի մարդոց եւ մեր փրկութեան համար` Ան իջաւ երկնքէն՚ ­ կը կարդանք Նիկիոյ-Կոստանդնուպոլսոյ Հանգանակին մէջ։
Յիսուս­Քրիստոսի մէջ` Աստուած հաշտեցուց աշխարհը ինքիր հետ եւ ազատեց մարդիկը մեղքի իշխանութենէն։ ՙԱստուած այնքան սիրեց մարդիկը, որ տուաւ իր Միածին Որդին (Յովհաննէս 3,16)։ Յիսուսի մէջ` Աստուած իր վրան առաւ մեր մարդկային եւ մահկանացու մարմինը (Մարդեղութիւն), Ան բաժնեկից դարձաւ մեր երկրաւոր ճակատագրին, մեր չարչարանքներուն եւ մահուան, Ան եղաւ նման մեզի ամէն բանի մէջ, բացի մեղքէն։



Զրոյց Քսան­երեքերորդ – Գլուխ Բ. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՅԻՍՈԻՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԻԱԾԻՆ ՈՐԴՒՈՅՆ (2)

Հարցում թիւ 77. Ի՞նչ կը նշանակէ թէ Յիսուս­Քրիստոս միեւնոյն ատեն իրապէս Աստուած է եւ իրապէս մարդ։
Յիսուսի մէջ` Աստուած իսկապէս կ՛ըլլայ մեզմէ մէկը, այսպէսով կը հանդիսանայ մեր եղբայրը, առանց սակայն դադրելու միեւնոյն ատեն ըլլալու Աստուած եւ մէր Տէրը։ Քաղկեդոնի Տիեզերական Ժողովը յայտարարեց 451 թուին թէ` Յիսուս­Քրիստոսի անձին մէջ, աստուածային բնութինն ու մարդկային բնութիւնը իրարու միացած էին ՙանբաժան եւ անշփոթ կերպով՚ ։
Եկեղեցին երկար ատեն տգնեցաւ յստակօրէն կարենալ արտայայտելու համար յարաբերութիւնը աստուածութեան եւ մարդկութեան Յիսուս­Քրիստոսի մէջ։ Աստուածութիւնն ու մարդկութիւնը իրար հետ չեն մրցակցիր, իբրեւ թէ Յիսուս մասամբ մարդ ըլլար եւ մասամբ` Աստուած։ Նմանապէս կարելի չէ հաստատել թէ աստաուածայինն ու մարդկայինը կը խառնուին իրար` Յիսուսի մէջ, ոչ ալ թէ Աստուած երեւութապէս մարմին առած է (Ուսուցողականութիւն). Ան իրապէս մարդ եղած է։ Չկան նաեւ Յիսուսի մէջ երկու տարբեր անձեր, միացած իրար, մարդկայինը եւ աստուածայինը (Նեստորականութիւն)։ Վերջապէս, հերետիկոսութիւն է նաեւ ըսել թէ մարդկային բնութիւնը ամբողջովին կ՛անյետանայ աստուածային բնութեան մէջ (Միաբնեաները)։ Այս բոլոր հերետիկոսութիւններուն դէմ` Եկեղեցին հաստատապէս կը պահպանէ հաւատքը հանդէպ Յիսուս­Քրիստոսի, իրապէս Աստուած եւ իրապէս մարդ, մէկ անձի մէջ։ Քաղկեդոնի Տիեզերական Ժողովին նշանաւոր բանաձեւը ՙանբաժան եւ անշփոթ կերպով՚ չի կրնար բացատրել այն ինչ որ կը գերազանցէ մարդկային իմացականութիւնը, բայց կը շեշտէ հաւատքի երկու հիմնական կէտերու վրայ։ Ան ցոյց կու տայ ուղղութիւնը որուն մէջ հարկ է փնտռել Յիսուսի անձին խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.