2013-11-21 11:43:22

Զրոյց Տասն­ութերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (9)
Մարդկային արարածը


Հարցում թիւ 56. Մարդը ունի՞ արդեօք մասնայատուկ տեղ մը ստեղծագոր-ծութեան մէջ։
Այո՛ մարդը ստեղծագործութեան գագաթն է, որովհետեւ Աստուած զինք ստեղծած է իր պատկերին համաձայն (Ծննդոց 1, 27)։
Մարդուն ստեղծագործութիւնը շատ յստակօրէն կը զանազանուի միւս կենդանի արարածներու ստեղծումէն։ Մարդը անձ մըն է, ինչ որ կը նշանակէ թէ ինքիր կամքովը կրնայ որոշել սիրել թէ ոչ։

Հարցում թիւ 57. Մարդ արարծը ինչպէ՞ս վարուելու է անասուններուն եւ միւս արարծներուն հանդէպ։
Մարդը պատուելու է իր Արարիչը` անոր արարածներուն ընդմէջէն, վարուելով անոնց հետ խնամքով եւ պատասխանատու կերպով։ Մարդիկ, անասուններն ու բոյսերը միեւնոյն Արարիչն ունին, որ զիրենք գոյութեան կոչած է սիրով։ Ուստի անասուններու սէրը` խորքին մէջ, մարդկային զգացում է։
Անշուշտ տնօրինուած է մարդոց օգտագործել բոյսերն ու անասունները եւ սնանիլ անոնցմով, սակայն արտօնուած չէ իրեն չարչարել անասունները եւ գէշ վարուիլ անոնց հետ։ Ստեղծագործութեան արժանապատւութեան հակառակ պիտի ըլլար այս մէկը, ինչպէս նաեւ երկրին գեր­շահագործումը, կոյր ընչաքաղցութեամբ։



Զրոյց Տասն­ութերորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (9)
Մարդկային արարածը

Հարցում թիւ 58. Ի՞նչ կը նշանակէ` մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն։
Ի տարբերութիւն անկենդան առարկաներէն, բոյսերէն եւ անասուններէն, մարդը անձ մըն է, օժտուած հոգիէ։ Այս մասնայատկութիւնը զինք աւելի կը մօտեցնէ Աստուծոյ քան միւս բոլոր տեսանելի արարծները։
Մարդը առարկայ մը չէ, այլ անձ մըն է։ Ինչպէս որ կ՛ըսենք Աստուծոյ համար թէ անձ մըն է, նոյնը կրնանք ըսել նաեւ մարդուն համար։ Մարդ կրնայ իր իմացականու-թեամբ իր անմիջական հորիզոնէն անդին երթալ եւ տեղեակ ըլլալ անհունութեանը տիեզերքին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր տարրերուն։ կրնայ նոյնիսկ յետ երթալ եւ ինքիր վրայ քննադատական ակնարկ մը նետել եւ ըստ այնմ գործել։ Կրնայ նկատել ուրիշները որպէս անձեր, անոնց արժանապատւութիւնը մէջտեղ հանել եւ զիրենք սիրել։ Տեսանելի բոլոր արարածներուն մէջ` մարդը միակն է որ կարողութիւնն ունի ճանչնալու իր Արարիչը եւ սիրելու զինք (Վատիկան Բ. Ուրախութիւն եւ Յոյս 12, 3)։ Այս պատճառաւ` մարդը սահմանուած է Աստուծոյ հետ բարեկամաբար ապրելու (Յովհ. 15,15)։

Հարցում թիւ 59. Ինչու՞ Աստուած ստեղծեց մարդը։
Աստուած ամէն ինչ ըրաւ մարդուն համար։ Մարդը` այս միակ արարծը երկրի վրայ որուն Աստուած տուաւ ինքնագիտակցութիւն, ստեղծուեցաւ Աստուծոյ կողմէ որպէսզի ըլլայ երջանիկ։ Ան երջանիկ կ՛ըլլայ երբ ճանչնայ զԱստուած, սիրէ զինք, ծառայէ իրեն, եւ ապրի միշտ երախտագիտութեան զգացումով իր Արարիչին հանդէպ։
Երախտագիտութիւն ունենալ` կը նշանակէ իրազեկ ըլլալ Աստուծոյ սիրոյն։ Այն որ երախտագէտ է, ազատօրէն կը դիմէ դէպի բարիին հեղինակը եւ նորագոյն ու խորագոյն միութեամբ կը յարի Անոր։ Աստուած պիտի ուզենար որ մենք ճանչնայինք իր սէրը եւ, հիմակուընէ, ապրէինք մեր կեանքը միացած իրեն հետ` ընդմիշտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.