2013-11-21 11:45:26

Զրոյց Տասն­իններորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (10)
Մարդկային արարածը (2)


Հարցում թիւ 60. Ինչու՞ Յիսուս մարդկութեան լաւագոյն տիպարն է։
Յիսուս­Քրիստոս առանձնայատուկ է, որովհետեւ ոչ միայն մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ ճշմարիտ բնութիւնը, այլ նաեւ իրական մարդկութեան տիպարն է։
Յիսուս տիպար մարդէն առաւել կատարեալ է։ Նոյնիսկ երեւութապէս արտակարգ մարդիկ, իրականին մէջ մեղաւորներ են։ Ուստի ոչ մէկը կրնայ բացարձակ տիպարն ըլլալ մարդկային էակին։ Սակայն Յիսուս առանց մեղքի էր. ինչ որ է իսկապէս մարդկային բնութիւնը եւ այն ինչը որ մարդս կը դարձնէ անհունապէս սիրելի, կարող ենք տեսնել միայն Յիսուս­Քրիստոսի մէջ, այն որ ընգրկեց մարդկային բոլոր բնութիւնը, բացի մեղքէն (Եբրայեցւոց, 4,15)։Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, հարազատ ճշմարիտ մարդն է։ Իր մէջ` մենք կը հասկնանք թէ ինչպէս Աստուած ուզեց որ ըլլան մարդիկը։

Հարցում թիւ 61. Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ։
Բոլոր մարդիկը հաւասար են իրարու որովհետեւ ծնունդ առած են Աստուծոյ ստեղծագործ սէրէն։ Բոլոր մարդիկը ունին միակ Փրկիչ մը, որ է Յիսուս։ Բոլոր մարդիկը, ի վերջոյ, սահմանուած են իրենց երջանկութիւնն ու յաւիտենական երանութիւնը գտնել Աստուծոյ մէջ։
Այսպէսով բոլոր մարդիկը իրարու քոյր­եղբայր են։ Քրիստոնեաները պէտք չէ զօրակից ըլլան միայն ուրիշ քրիստոնեաներու, այլ բոլոր մարդոց. Հարկ է որ անոնք ուժգնօրէն մարտնչին ամէն տեսակ բաժանմունքերու դէմ, ըլլան անոնք ցեղային, սեռային կամ տնտեսական, մարդկային ընտանիքէն ներս։




Զրոյց Տասն­իններորդ – Գլուխ Ա. ­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ՀՕՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ (10)
Մարդկային արարածը (2)

Հարցում թիւ 62. Ի՞նչ է հոգին։
Հոգին այն տարրն է որ կը դարձնէ իւրաքանչիւր անձը` մարդկային։ Ան մարդու կեանքին հոգեւոր սկզբունքն է, այն ինչ որ ամենամտերիմն է իրեն համար։ Հոգին կը գործէ որպէսզի նիւթական մարմինը ըլլայ ապրող մարմին մը, ամբողջովին մարդկային։ Իր հոգիին շնորհիւ` մարդը արարած մըն է որ կրնայ ըսել ՙես՚ եւ Աստուծոյ առաջ կրնայ կանգնիլ որպէս անփոխարինելի անհատականութիւն մը։
Մարդիկ նիւթական եւ հոգեկան արարածներ են. Մարդու հոգին աւելի կարեւոր բան մըն է քան մարմնոյն որեւէ մէկ գործունէութիւնը. Զայն կարելի չէ բացատրել մեկնելով լոկ ֆիզիքական տուեալներէ։ Մեր խելքը կ՛ըսէ մեզի. Հարկ է որ գոյութիւն ունենայ հոգեկան սկզբունք մը, կապուած մարմնոյն, առանց սակայն անոր նման ըլլալու. Զայն կը կոչենք հոգի։ հակառակ որ հոգւոյն գոյութիւնը կարելի չէ փաստել գիտական միջոցներով, սակայն առանց նկատի առնելու այս հոգեկան տարրը, որ կ՛իշխէ նիւթականին վրայ, չենք կարող հասկնալ թէ ինչպէս մարդիկ հոգեղէն արարածներ են։

Հարցում թիւ 63. Ուսկի՞ց կու գայ մարդկային հոգին։
Մարդկային հոգին անմիջականօրէն ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ։ Ան չէ ՚արտադրուած՚ ծնողքին կողմէ։
Հոգին ոչ կրնայ յառաջ գալ նիւթին բնաշրջումէն, եւ ոչ ալ արդիւնքն է հօր եւ մօր ծննդական կապին։ Ամէն մարդկային արարած` իր ծննդեան օրն իսկ առանձնայատուկ եւ հոգեւոր անձ մը կը դառնայ. Եկեղեցին կը բացատրէ այս խորհրդաւոր իրողութիւնը, ըսելով. Աստուած մեզի կու տայ հոգի մը որ չի մեռնիր, նոյնիսկ երբ մարդ կորսնցնէ իր մարմինը` մահով, որպէսզի կարենայ զայն վերագտնել յարութեան օրը։ Երբ ըսենք թէ հոգի մը ունինք, այդ կը նշանակէ թէ` Աստուած չստեղծեց մեզ որպէս առարկայ մը, այլ որպէս անձ, եւ մեզ կոչեց իրեն միանալու յաւերժական յարաբերութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.