2013-11-21 09:26:52

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի՝
Հաւատք եւ աւետարանացում հովուական թուղթը՝՝։


Քրիստոս հրեաներէն կը պահանջէր Հաւատք եւ վկայութիւն, ինչ որ անոնք կը մերժէին կատարել: Արդ, այսօր մենք նոյնը չե՞նք մերժեր, ինչպէս անցեալին հրեաները մերժեցին Աստուծոյ մեզի տուած շնորհքը: Անցեալին, Հրեաները իմանալով հանդերձ Հնգամատեանէն, օրէնքներէն եւ մարգարէներէն, Մեսիայի ճշմարիտ աստուածութիւնը , զինք մերժեցին: Այսօր մենք եւս, իմանալով հանդերձ Հին եւ Նոր Կտակարաններէն, Յիսուսի ամբողջական փրկչագործական իրականութիւնը, կը շարունակենք զինք մերժել մեր առօրեայ մեղքերով:
Հրեաները գիտէին, որ Մեսիան պիտի գար: Օրէնքներն ու մարգարէները խօսած էին անոր գալուստի մասին, զգուշացուցած եւ պատրաստած էին ընտրեալ ժողովուրդը, այս պահի իրականութեան, եւ սակայն անոնք նախընտրեցին խաւարը: Շարունակեցին ընդդիմանալ, մերժել Աստուծոյ պատրաստած փրկչագործական ծրագիրը:
Յիրաւի անհասկնալի է հրեաներու ընդդիմացող հոգեբանութիւնը Մեսիայի հանդէպ, որ եկած էր զիրենք փրկելու սատանայի նենգութիւններէն:Նոյնը մենք այսօր, ի՜նչ համարձակութեամբ շարունակաբար կը մերժենք մեզի ձրիաբար տրուած աստուածային շնորհքները: Հրեաները անցեալին, գիտակից էին իրենց յատուկ կոչումին, որպէս ընտրեալ ժողովուրդ աշխատելու աստուածային փրկչագործական ծրագիրին իրականացումին: Այսօրուան կոչուած քրիստոնեաներս, նոյնպէս կ’ուզենք ընդունուիլ որպէս քրիստոնեայ սակայն մեր կեանքը չի համապատասխաներ սոյն կոչումին:

Փրկիչը, եկաւ եւ ինքզինքը յայտնեց գործած հրաշքներով: Հրեաները լսեցին անոր քարոզները, վայելեցին իր կատարած բուժումները, կերան անոր հրաշագործ տուած հացը, տեսան Ղազարու յարութիւնը, բայց մնացին կուրցած, կարծրացած իրենց մեղքին մէջ «Եթէ կոյր էիք ձեր մեղքը չէ…. » ( ): Անոնք կոյր չէին բայց կոյր մնացին մինչեւ Քրիստոսի խաչելութիւնը, երբ Փարիսեցիներն ու դպիրները բրտօրէն կը գոռային ըսելով եթէ դու ես Աստուծոյ Որդին իջիր խաչի վրայէն: Այսօր մենք ենք այն ընտրեալ ժողովուրդը, որ կ’ընդդիմանայ Քրիստոսի, ու հարց տանք մենք մեզի. Որքանո՞վ կը տարբերինք անցեալի ընտրեալ ժողովուրդէն: Մենք որ վայելեցինք ու կը վայելենք ամէն օր Քրիստոսի հրաշքներն ու բարիքները մեր կեանքէն ներս: Մենք որ փրկուեցանք Քրիստոսի Ս. Արիւնով, չե՞նք բացականչեր արդեօք, անցեալի ընտրեալ ժողովուրդին նման թէ «ի՞նչ նշան կու տաս մեզի որ հաւատանք թէ Դու ես Աստուծոյ Որդին»: Քրիստոս Հաւատք եւ վկայութիւն խնդրեց եւ այսօր կը խնդրէ: Եթէ Հաւատքը չգործադրենք, կը մնանք սնանկացած: Յակովբ առաքեալը կ’ըսէր. Ի՞նչ կ’արժէ հաւատալ եթէ զայն չգործադրենք: Սատանաներն ալ աստուծոյ կը հաւատան եւ կը սոսկան: Հաւատքը առանց գործի մեռած է: Աբրահամը իր գործով արդարացաւ կ’ըսէ Յակոբ առաքեալը:

Արդ, Քրիստոս՝ մեր փրկութեան Ուխտը, լրումն է օրէնքի եւ մարգարէներուն: Իրեն հաւատացողները, մեսիանական ժողովուրդն է, ընտրեալ եւ փրկուած ժողովուրդն է Քրիստոսի: Ան է գլուխը, որ «մեռաւ մեր մեղքերու քաւութեան եւ Յարեաւ մեր արդարութեան» համար» (Հռոմ.4, 25): Ինքն է լրումը մարգարէներու եւ իրմով կը սկսի նոր Կտակարանը հիմնուած ոչ օրէնքի վրայ այլ սիրոյ եւ շնորհքի: Քրիստոս, իր աստուածութիւնը հաստատելու համար, մինչեւ վերջին պահը փորձեց բոլորին հաւաքել եւ բացատրել աստուածային ճշմարտութիւնը, իր աշակերտներուն անգամ հարցուց թէ «մարդիկ ո՞վ կը կարծեն, թէ ըլլայ մարդու Որդին»(Մատթ.16,13-19) եւ աշակերտները թուեցին զանազան մարդոց տարբեր կարծիքները իր մասին, ու երբ պատասխանը լսեց, հարցումը իրենց ուղղելով ըսաւ «իսկ դուք, ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» (Մատթ.16,13-19): Այսօր այս հարցումը մեզի կ’ուղղուի ո՞վ է Քրիստոս մեզի համար, մարգարէ՞ մը բարի, մարդկային պատմութեան հանճարեղ գիտնակա՞ն մը, թէ զանազան կրօնական հոսանքներու նման աշխարհ եկած վարդապետութեան մը Ռահվիրայ: Ո՞վ կը կարծէք ըլլայ Քրիստոս մեզի համար: Կարո՞ղ ենք Արդեօք Պետրոս առաքեալի նման ըսել «Դու ես Քրիստոսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին»(Մադթ.16,13-19) եւ մենք որո՞ւ երթանք:







All the contents on this site are copyrighted ©.