2013-11-20 08:34:11

Հաւատքի տարւոյն աւարտին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Եկեղեցւոյ կը յանձնէ ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' վերտառութեամբ առաքելական յորդորագիրը


'Հաւատալ կը նշանակէ մասնակից դարձնել ուրիշները Քրիստոսի հետ հանդիպումի ուրախութեան''։

Հաւատքի տարւոյն եզրափակիչ պատարագին աւարտին, կիրակի 24 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Եկեղեցւոյ կը յանձնէ առաքելական յորդորագիրը` վաւերագիր մը ներշնչուած, 2012 հոկտեմբերին, սիւնհոդոսական հայրերու աւետարանութեան մասին կատարած աշխատանքէն, ։
Գերապայծառ ֆիզիքելլա` նախագահը վերաւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին, 18 նոյեմբերին, մամուլին ներկայացնելով հաւատքի տարւոյն փակման արարողութիւնները, յայտնեց որ 24 նոյեմբերին, Հաւատոյ Տարուայ փակման հանդիսաւոր արարողութեան առթիւ, լոյս կը տեսնէ նաեւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաջին առաքելական յորդորագիրը` ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' վերտառութեամբ, որուն ենթատիտղոսն է ''հաւատալ կը նշանակէ մասնակից դարձնել ուրիշները Քրիստոսի հետ հանդիպումի ուրախութեան''։
Աւանդութեան համաձայն պատարագին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յորդորագիրը պիտի յանձնէ եկեղեցւոյ 36 ներկայացուցիչներուն. եպիսկոպոսի մը, քահանայի մը, սարկաւագի մը, կրօնաւորի մը, եկեղեցական եղբայրութեան եւ շարժումի ներկայացուցիչի մը, ընտանիքի մը, կրօնուսոյցի մը, նոյնպէս գեղարուեստագէտի մը եւ լրագրողի մը։ Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 13 յունիսին խօսակցելով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի յանձնախումբի անդամներուն հետ յայտնեց իր կամքը վաւերաթուղթ մը հրապարակել աւետարանութեան նիւթին մասին։
Նշենք նաեւ թէ անցեալ 5 յուլիսին լոյս տեսաւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի միացեալ շրջաբերական թուղթը ''Հաւատքի Լոյս'' վերտառութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.