2013-11-20 09:40:25

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ինչո՞ւ միշտ ինծի կը պատահի…
Ոչ մէկը մեզմէ իր անձը արժանի կը տեսնէ փորձանքի, վտանգի, անապահովութեան կամ արկածի: Եւ բոլորս կը խորհինք թէ մեզի պատահած վատ դէպքը պէտք չէ՛ր որ պատահեր:
Յատկապէս հաւատացեալ մարդը իր խոր հաւատքով հանդէպ Աստուծոյ, բնա՛ւ չ՛ակնկալեր որ իր բնականոն կեանքը խանգարուի թէ՛ զինք շրջապատող մարդոց կողմէ, եւ թէ՝ պատահական դէպքերու բերումով: Ասիկա այնքան յստակ գոյներով կ՛երեւի հիւանդութեանց յայտնաբերման առիթով, որ նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ հաւատքի փորձաքար կը հանդիսանան նման կացութիւններ: Ինչո՞ւ ինծի պիտի պատահէր…:
Ահաւասիկ այն հարցումը, որ մնայուն կերպով «կը կաթի» մարդու ուղեղին մէջ, երբ վատ բան պատահի իրեն: Արկածներէն վերապրողներ, երբ ուշքի գալով հայելիի մէջ կը տեսնեն իրենց խեղանդամ մարմինը, կամ այլանդակուած դէմքը, վստահաբար կը բաղդատեն զայն իրենց նախկին տեսքին հետ, եւ առաջին հարցումը որ կը հարցնեն Արարիչին, կ՛ըլլայ. Ինչո՞ւ ինծի…: Անակնկալ մահուան պարագաներուն ալ, հանգուցեալի հարազատները նոյն բողոքը կը ներկայացնեն Աստուծոյ, մանաւանդ եթէ ննջեցեալը ուրիշներուն օգտակար հանդիսացող անձ էր, կամ գէթ անվնաս ներկայութիւն ընկերութեան կեանքին մէջ, տրտնջալով կ՛ըսեն. Այսքա՜ն չարեր կան աշխարհի վրայ, ինչո՞ւ այս բարի մարդը ընտրեցիր…:
Ժողովրդային իմաստութիւնը միշտ ալ դաստիարակ եղած է հասարակութեան. այնտեղ կ՛ըսուի. երբ մորթիդ վրայ զգաս, տարբեր կ՛ըլլայ: Այո՛, որովհետեւ ո՛չ միայն այդ պահուան ընթացքին տուժողը դուն ես, այլ տակաւին պատրաստ պէտք է ըլլաս կրելու ատոր բոլոր հետեւանքները: Իսկ այդ հետեւանքները առհասարակ մշուշապատ են եւ հետեւաբար՝ անորոշ: Ճիշդ ա՛յս է որ վախ կ՛ազդէ յաճախ, եւ մարդիկ շփոթի կը մատնուին իրենց պատահած վատ դէպքերուն առիթով: Ոմանք նոյնիսկ կը նուաղին:
Մարդիկ ընդհանրապէս սովորութիւն ունին իրենց ցաւը ամբողջ աշխարհին վրայ տարածուած տեսնելու: Այսինքն կը սպասեն, որ ամէն մարդ ցաւի իրենց ցաւով:
Մրջիւններու կեանքէն քաղուած հետեւեալ օրինակը պէտք է վերցնել, իմանալու համար, թէ իւրաքանչիւր դէպք իր շրջագիծին մէջ պէտք է տեսնել, ու ըստ այնմ վերլուծում կատարել: Մրջիւնները ընդհանրապէս դրական օրինակ իբրեւ կը տրուին, մարդս մղելով աշխատասիրութեան, ու հաւաքական աշխատանքի պարագային պարկեշտութեան ու հաւատարմութեան: Սակայն, մէկ այլ երեսը նկատի առնուած է անոնց հետեւեալ դրուագին մէջ, ուր ի յայտ կու գայ՝ իր անձէն ու կեանքէն դուրս ոչինչ տեսնելու դժբախտ իրողութիւնը: Դարձեալ ժողովրդային իմաստութեան կը վերագրուի այն դրուագը, ուր կ՛ըսուի, թէ սովորական ծորակի ջուրին բաց մնացած ըլլալուն հետեւանքով, մրջիւնին բոյնը ջուր լեցուէր է: Մրջիւնը կարելի ամէն միջոցներով լուր տարածեր է, թէ ջրհեղեղ է, ուստի պէտք է ըստ այնմ ահազանգ հնչեցնել ամբողջ աշխարհին…:
Ուրեմն, մրջիւնին համար իր բոյնին կարեւորութիւնը, ու իր անձին ապահովութիւնը բաւարար են, որ ամբողջ աշխարհին ջուրի տակ մնալուն վտանգը տեսնէ ան: Մրջիւնը չի՛ կրնար իր բոյնէն դուրս, իր աշխատանքի առօրեայ ճամբէն տարբեր, իր հացահատիկը ամբարելու հեւքէն զատ այլ պատկերացում ունենալ կեանքի: Իսկ ջուրը, որ իր բոյնը լեցուցած էր, խանգարած էր բնականոն իր կեանքը եւ զանիկա ճիշդ հունաւորումէն դուրս բերած: Ուստի, բնական սակայն անգիտակից անդրադարձ էր իր կատարածը, երբ ամբողջ աշխարհին ջուրի տակ մնալուն ահազանգը կը հնչեցնէր ան: Մրջիւններու աշխարհին մէջ չկայ մէկը որ վերէն նայելով այդ բոյնին, անդրադառնայ կատարուածին, ու հանգստացնելով մրջիւնը, ըսէ անոր. Բայց ատիկա ջրհեղեղ չէ՜…: Մարդկային կեանքն ալ վերոյիշեալ դրուագին մէջ շեշտուած նոյն նեղ մտածողութեամբ կ՛առաջնորդուի շատ յաճախ: Մրջիւնի խելքով մարդիկ այնպէս կը խորհին, թէ դժբախտութիւնները համընդհանուր բնոյթ ունին: Զգացականութեան պարագային կարելի է որոշ երեւոյթներ ընդհանրացնել: Օրինակ, ցաւալի դէպք եթէ ներկայացուի ժապաւէնի մէջ, նոյնիսկ գիտնալով որ դերասաններ են զայն խաղացողները, հանդիսատեսներէն ոմանք կրնան լալ: Այդ դէպքը այս պարագային ազդեցութիւն ունեցաւ իրարմէ տարբեր, եւ ազգականական կապ չունեցող մէկէ աւելի անձերու վրայ, որոնցմէ ո՛չ մէկուն հետ ազգականական կապ ունէր դէպքին զոհը, որ այս պարագային վարձուած դերասան ալ է:
Ջրհեղեղէն վախնալու եթէ պատճառներ ունիս, ուրիշները քու վախովդ վարակելու իրաւունքը չունիս: Դուն նախազգուշութիւններդ ա՛ռ, մինչեւ անգամ յաջորդ ջրհեղեղէն պաշտպանելու դուն քեզ եւ տունդ, սակայն քեզի պատահած դժբախտութեան պատճառով երկրագունդը սուգի մատնելդ նոյնիսկ ծիծաղելի կրնայ թուիլ ուրիշներուն:
Մրջիւնին անմտութիւնը մի՛ ընդօրինակեր, այլ տե՛ս թէ ինչպէս կրնաս շրջանցել այն դժուարութիւնը որ կեանքդ իր հունէն դուրս բերած է:
(Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.