2013-11-20 09:35:11

Լաւրով. «Ճոն Քերրիի հետ Համաձայնեցանք Սուրիոյ տագնապը քննարկելու համար մօտ օրէն հանդիպելու»


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ համաձայնած է Սուրիոյ տագնապը քննարկելու համար մօտ օրէն հանդիպելու` նշելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ պիտի քննարկէ սուրիական տագնապի լուծման կարելիութիւնները:
Լաւրով ողջունեց «Սուրիական յեղափոխութեան ուժերու եւ ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարմինի Մոսկուա այցելութեան հրաւէրը ընդունիլը»` աւելցնելով, որ այդ քայլը «դրական է»:
«Ռուսիա կը ջանայ ընդդիմութեան օժանդակել` բիւրեղացնելու համար յառաջիկայ բանակցութեանց հարցով միացեալ կեցուածք մը գոյացնելը` առանց նախապայմաններու», ըսաւ Լաւրով:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկիրը հետաքրքրուած է «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին սուրիական ընդդիմութեան մասնակցութեամբ` նշելով, որ «կը նախընտրենք, որ ընդդիմութիւնը միջազգային խորհրդաժողովին միացեալ պատուիրակութեամբ մասնակցի, սակայն ասիկա պարտադիր պայման մը չի նկատուիր»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ շարք մը պետութիւններու կողմէ սեփական տարածքին մէջ Սուրիոյ քիմիական զէնքի ոչնչացման հետ կապուած մերժումը չի յանգեցներ Սուրիոյ քիմիական զինաթափման հոլովոյթի դանդաղեցման:
«Սուրիոյ նկատմամբ մեր բարեկամներուն եւ դաշնակիցներուն հետ հասարակաց նպատակը արիւնահեղութեան դադրեցումն է, եւ այդ պատճառով պէտք է կողմերը բանակցութեանց սեղան բերենք եւ մենք ատոր կը մօտենանք», ըսաւ Քերրի: Ան ողջունեց վերջերս սուրիական ընդդիմութեան «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան ի նպաստ քուէարկութիւնը:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնեց, որ իր աշխատանքներու ժամանակացոյցը արգելք կը հանդիսանան, որ այս շաբթուան վերջաւորութեան Իսրայէլ այցելէ` աւելցնելով, որ «այս այցելութիւնը պիտի յետաձգուի Գոհաբանութեան տօնէն ետք»: Ան կոչ ուղղեց իր այցելութեան յետաձգման առնչութեամբ իր աշխատանքային ժամանակացոյցէն այլ բացատրութիւններ չտալու:
«Վրեմիա» կը նշէ, որ ըստ Քերրիի, «միջազգային ընտանիքի աչքին առջեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած է նշանակալից իրադարձութիւն»:
«Դամասկոսի քիմիական զէնքը կ՛անցնի հսկողութեանը տակ Քիմիական զէնքի արգիլման կազմակերպութեան, որ նպատակ ունի մինչեւ տարեվերջ երկրէն դուրս հանել ամէնէն վտանգաւոր քիմիական նիւթերը: Եւ ես կը տեսնեմ, որ մենք ներկայիս կը շարժինք ըստ ծրագիրի», ընդգծած է Քերրի:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նաեւ նշած է, որ եթէ որոշ երկիրներ հրաժարած են իրենց տարածքին մէջ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելէ, ապա ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք այլընտրանքային տարբերակներ չունին:
Քերրի նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ միջազգային հանրութիւնը օրէ օր կը մօտենայ սուրիական տագնապի խաղաղ լուծման







All the contents on this site are copyrighted ©.