2013-11-20 09:50:50

Գիւմրիի մէջ 1000 անօթեւան ընտանիքներ յառաջիկայ տարի բնակարան պիտի ունենան


Գիւմրիի «Մուշ-2» թաղամասի եւ Ախուրեանի մէջ կատարուող շինարարական աշխատանքներուն ընթացքը ստուգելէ ետք քաղաքաշինութեան նախարար Սամուէլ Թադեւոսեան յայտնած է, որ յառաջիկայ տարուան աւարտին ծրագիրը կ՛ամբողջանայ, եւ 1000 անօթեւան ընտանիք ալ բնակարան կ՛ունենայ։
Նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, «Մուշ-2» թաղամասի եւ Ախուրեանի մէջ կը կատարուի համապատասխանաբար 8 եւ 4 յաւելեալ շէնքերու կառուցման աշխատանք:
Գիւմրիի «Մուշ-2» թաղամասի շուրջ 25 բնակարաններ արդէն ապահովուած են կազամատակարարումով, իսկ 1200 բնակարանի մէջ վերափոխուած է ծխատար համակարգը։
Նախարարը կարեւոր նկատած է այն հանգամանքը, որ «Գլենդել հիլզ» եւ «Արտ ինժեներինգ» ընկերութիւնները ժամանակացոյցին եւ նախագիծին համապատասխան արդէն կը կատարեն աշխատանքը ու արձանագրած են ակնկալուած արդիւնքը։ «Յառաջիկայ օրերին «Մուշ-2» թաղամասն ամբողջութեամբ կ՛ապահովուի ջեռուցմամբ եւ տաք ջրով», աւելցուցած է ան։







All the contents on this site are copyrighted ©.