2013-11-19 08:32:24

Պետրոս առաքելապետի աճիւնները հանրութեան կը ցուցադրուին, առաջին անգամուան համար, Հաւատքի տարուայ փակման արարողութեան ընթացքին։


Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի, 11 հոկտեմբեր 2011-ին, հռչակած ''Հաւատքի Տարին'', որ սկիզբ առաւ 11 հոկտեմբեր 2012-ին, Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի բացման 50-րդ տարեդարձին եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականին հրապարակումին 20-րդ տարեդարձին զոյգ առիթներով, հասաւ իր աւարտին։ Արդարեւ յառաջիկայ 24 նոյեմբեր 2013-ին, վատիկանի մէջ, նախատեսուած է վեարոյիշեալ Հաւատոյ Տարուայ փակումի հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ այս առթիւ, առաջին անգամուան համար, հանրութեան պիտի ցուցադրուին, Պետրոս առաքելապետի աճիւնները։ Այս լուրը հաղորդելով գերապայծառ ֆիզիքելլա` նախագահը Վերաւերտարանութեան Քահանայապետական Ժողովին կը յայտնէ. ''աւետարանութիւնը կը սկսի ս. Հաղորդութեան առջեւ երկիրպագութիւն կատարելով։
Զուիցերացի Վոն Պալտասար անցեալ դարու հանրածանօթ աստուածաբանը կը քննադատէր աստուածաբանական նոր դպրոցները, որ երկիրպագութեան աստուածաբանութենէն անցան գրասենեակի աստուածաանութեան''։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունելով խումբ մը ժառանագւորներ ու նոընծայուհիներ անոնց ըսաւ. ''Եղէք միշտ աղօթքի մարդիկ, եթէ Աստուծոյ հետ միշտ կապի մէջ չմնաք, ձեր առաքելութիւնը կը դառնայ ողորմելի եւ անարժէք''։
Յայտնենք որ հաւատքի տարուայ փակման առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պիտի այցելէ, Գամալտոլի կոչուած կրօնաւորական մենաստանը քաշուիլ, որ կը գտնուի Հռոմի Ավենդինօ շրջանը ուր աղօթքի օր մը պիտի անցնէ։
Գալով ս. Պետրոսի աճիւններուն, նշենք որ Պիոս ԺԲ քահանայապետի խնդրանքով բեղումներ կատարուած են ս Պետրոս տաճարի գետնայարկը եւ 1940-ին գտնուած են առաքելապետին աճիւնները։ 1950-ի եւ 1960-ի Գիտնականները աճիւնները վերագրած են ս. Պետրսի։
Պօղոս Զ Քահանայապետը 1968-ին ճանչցած է ս. Պետրոսի աճիւններուն վաւերականութիւնը։ Պետրոս առաքեալը նահատակուեցաւ Հռոմի մէջ գլուխը վար խաչուելով` 64-70 թուականներուն, Գալիկուլա կրկէսին մէջ, ուր այսօր կը գտնուին Վատիկանի այգիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.