2013-11-19 10:30:25

Հաւատքի այս տարւոյն վերջաւորութեան, աւելցուր քու Եկեղեցւոյդ հաւատքը


Ահաւասիկ ես տուի ձեզի իշխանութիւն կոխել օձեր եւ կարիճներ եւ թշնամիին ամէն զօրութիւնը եւ ոչինչ պիտի վնասէ ձեզի: Բայց դուք մի' ուրախանաք, որովհետեւ դեւերը կը հնազանդին ձեզի, այլ ուրախացէք մանաւանդ որ ձեր անունները գրուած են երկինքի մէջ։ (Ղկ 10, 19-20):
Առաքեալները կ'ըսէին Յիսուսին ,աւելցուր մեր հաւատքը: Այս Աւետարանին բնագրին խօսքը մեզի կը ներկայացնէ առաքեալները իրենց խոնարհ եւ պարզ վիճակին մէջ երբ կ'ըսէին Յիսուսին ,Աւելցուր մեր հաւատքը:
Այս նախադասութիւնը շատ կարեւոր է քանի որ մեզի կը հասկցնէ որ հաւատքը շնորհք մըն է որ աղօթքի ժամանակ պէտք է խնդրուի, եւ ոչ թէ անյնական կեցուածք մը որ մարդս կարենայ ինքիրեն հաւատք տալ որով մենք պարտական ենք խնդրելու հաւատքին շնորհքը աւելի բարձր անձէ մը որ է Յիսուս Քրիստոս:
Աճեցնել բայը կը յայտնաբերէ աշակերտներուն խիղճը: Իրենք քաջալերուած էին որ հաւատք ունին եւ սակայն կը խնդրէին աւելին: Աճեցումը հոս իսկական ընծայում մըն է որուն առանց ասոր ուրիշ սխալ աղօթք պիտի ըլլար:
Աւելցուր մեր հաւատքը... այս արարքին մէջ Յիսուս կ'ուզէ մատը դնել մեր տկար հաւատքին վրայ: Փոխանակ մեզ յուսահատեցնելու, հաւատքը մեզ կը հրաւիրէ յարատեւ աղօթքի, մեր սրտին մէջ աշխուժացնելով հոգեւոր շնորհքը զոր Աստուած մեր մէջ դրաւ (2 Տիմ 1, 6): Այս է կարեւորագոյն նպատակը հաւատքի տարւոյն վերջաւորութեան :
Երկրորդ մասին մէջ Յիսուս մեզի կը հրաւիրէ մտածելու թէ որքանով շիտակ է ծառայութիւնը, եւ որքան պարտական ենք տալու ուրիշին՝ նոյնիսկ յոգնած վիճակի մէջ. Յիսուս մեզի՝ սպասաւորին տեղն ալ կը դնէ որպէս զի զգանք ուրախութիւնն ու հաւատքը իրագործած ըլլալով իրեն մեզի յանձնած գործը: Այստեղ Յիսուս կը հրաւիրէ մեզ ապրելու սպասաւորին համեստութիւնը որովհետեւ քաջ գիտենք որ ինքը Տէր է եւ Աստուած է եւ Իրմով սպասաւորին յարաբերութիւնը կը յեղաշրջուի աշխարհին մէջ նոր օրէնքի լոյսին ներքեւ:
Աստուածոյ խօսքը մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք պէտք ենք զինուորագրուիլ այն յաւիտենական ճամբուն, այդ հաւատքի դռան է որ մեզ կ՛ուղղէ դէպի Եկեղեցի: Այս ճանապարհը հմայիչ է քանի որ Քրիստոս նոյնինքն մեզ ուղղեց եւ մեզի ընկերացաւ, նման Էմմաոսւսի առաքեալներուն։ Հոս է որ պէտք է հասկնալ թէ մարդս կանչուած չէ միայն իր ներկայութիւնը հատատելու երկրիս վրայ, այլ շարունակելու իր հաւատքին մէջ յարատեւելու, այսինքն միշտ այո ըսելու Աստուծոյ խոստումին:
Մեր կեանքին ամէնամեծ պարտականութիւնը հաւատարմութիւնն է, մանաւանդ փորձութիւններու ատեն (Եբր 2, 4): Աստուած մեզմէ շատ պարզ բաներ կը պահանջէ` Աւետարանել, մկրտել, այցելել եւ կերակուր տալ հաւատքի լոյսին տակ։ Սպասաւորին արարքները որքան ալ պզտիկ ըլլան շատ մեծ կ'երեւին, քանի որ Աստուած մեզմէ կը սպասէ հոգիին հաւատարմութիւնը ,որ փրկեց եւ կանչեց սուրբ կոչումով, ոչ ըստ մեր գործերուն, այլ ըստ յառաջդրութեան իր ծրագրին եւ շնորհքին (2 Տիմ 1, 9):
Աստուծմէ խնդրելու ենք որ մեր հաւատքը աւելցնէ քանի որ մեզմէ կը սպասուի փայլուն արարք մը աշխարհը փոխելու եւ ուղղելու զայն դէպի Քրիստոս:
Ինչպէս որ Սուրբ Պօղոս կ'ըսէ. ,Եթէ մենք անհաւատարիմ ենք, Ինք կը մնայ հաւատարիմ, որովհետեւ չի կրնար իր անձն ուրանալ: Դուն յիշեցուր այս ամէնը, վկայութիւն դնելով Աստուծոյ առջեւ թէ՝ հարկ է զգուշանալ բանավէճերէն որոնք ատակ են միայն ունկրդիրներուն կործանումին (2 Տիմ 2, 13-14):
Աստուած, իմ եւ իւրաքանչիւր մարդու եւ կնոջ կեանքը ըլլայ հաւատքի ճանապարհ մը, քանի որ մարդիկ կան որ կը կարծեն թէ առանցին են այս ճանապարհին վրայ, կ'ուզէի իրենց ըսել թէ Դուն` Տէր, հոս ես, ներկայ ես բոլորիս հետ: Ինծի շնորհքը տուր որ կարենամ աւետարանել քու գեղեցիկ բարեկամութիւնդ: Քեզի կը նուիրեմ իմ գործս եւ ուսումս, որպէս պարզ աշխատաւոր քու լայնածաւալ դաշտիդ մէջ: Ամէն :
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.