2013-11-19 09:40:02

Իտալիոյ Սարտէնեա կղզին թիրախ դարձած է ''Քլէոբաթրա'' կոչուած ջրհեղեղին։


Երեքշաբթի, 18 նոյեմբերին, Իտալիոյ Սարտէնեա կղզին թիրախ դարձաւ արտակարգ եւ հզօր ''Քլէոաբթրա'' կոչուած ջրհեղեղի որ պատճառեց 16 զոհ։
Փողոցները եւ տուները հեղեղուած են գետերու յորդումի պատճառով, հարիւրաւորներ տեղահան եղած են, կամուրջներ եւ ճամբաներ կործանուած են։
Նախատեսուած է թէ նաեւ այսօր` 19 նոյեբերին տեղատարափ անձրեւը շարունակուի ։Զոհերուն հաշուէկշիռը հետզհետէ կը շարունակուի աճիլ։
Փրկարարաներու ջոկատները անմիջապէս գործի լուծուեցան, սակայն, տակաւին շարունակուող փոթորիկը մեծ դժուարութիւններու առջեւ կը դնէ զանոնք։








All the contents on this site are copyrighted ©.